Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 12, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.550 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ՄԱՐԴՈՒ իրաւունքներու ՄԱԿ-ի գերագոյն յանձնակատար Վոլքեր Թիւրք կոչ ուղղեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մասին միջազգային հետաքննութիւն բանալու:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի սահմանամերձ շրջանի բնակչութիւնը երէկ կէսօրուան ժամերուն իրարանցումի մատնուեցաւ իսրայէլեան ռազմական օդանաւերուն կողմէ ձայնի պատը խզելուն պատճառած ուժգին ձայնին հետեւանքով: Այթարուն գիւղաքաղաքին մէջ նաեւ լսուեցան պայթումներ: Հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջանին մէջ երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին արձանագրուեցան իսրայէլեան ուժերու անսովոր շարժումներ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ընդունեց Լիբանանի մէջ ֆրանսական դեսպանատան գործակատար Էրվէ Մակրոն` ներկայութեամբ երեսփոխան Նատա Պուսթանիի եւ ֆրանսական դիւանագիտական պատուիրակութեան: Քննարկուեցան երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները, յատկապէս` նախագահական ընտրութեան թղթածրարն ու Լիբանանի տագնապին լուծման համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի հետ Պասիլի ունենալիք այսօրուան հանդիպումին վերաբերեալ հարցեր:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղատա Այուպ յայտնեց, որ Լիբանանի տագնապին լուծման համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի փոխանցած են, թէ նախքան հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը, ազգային երկխօսութեան նիստի պիտի չմասնակցին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր կոչ ուղղեց Լիբանանը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին փրկելու, նախքան անոր վերացումը:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Աթալլա հաստատեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի ընտրութիւնը ցարդ անկարելի կը նկատուի` աւելցնելով, որ իրենք տակաւին ունին թեկնածու մը, որ կը կոչուի Ժիհատ Ազուր:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը հերքէ «Ախպար» օրաթերթի հրատարակած երէկուան տեղեկութիւնները, որոնց համաձայն` Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ անոր զաւակը` երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ կը մերժեն Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի հետ հանդիպիլ:

 

 

Նախորդը

Իրերայաջորդ Երեք Երկրաշարժներ Հարուածած Են Իրաքի Քերքուք Եւ Տահուք Նահանգները

Յաջորդը

Ապպաս Իպրահիմ. «Կը Զգուշացնենք Այն Հելուէի Դէմ Նիւթուող Դաւադրութենէն»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.