Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պու Հապիպ Զօր. Լազարոյի Հետ Քննարկեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Դերակատարութեան Կարեւորութիւնը

Սեպտեմբեր 13, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Արոլտօ Լազարոն եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին Պու Հապիպ ընդգծեց, որ Լիբանան մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու դերակատարութեան` աւելցնելով, որ հարաւային Լիբանանի կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը պահպանելու համար անհրաժեշտ է ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ Լիբանանի կառավարութեան, այլ խօսքով` լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութեան պահպանումը:

Իր կարգին, զօր. Լազարօ հաստատեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը պիտի շարունակեն իրենց դերակատարութիւնը` Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին եւ անոր յաջորդող բանաձեւերուն լոյսին տակ: Ան նկատել տուաւ, որ այդ որոշումներուն համաձայն` ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը ազատ շարժելու իրաւունք ունին` լիբանանեան բանակին հետ համադրաբար, նկատի ունենալով լիբանանեան գերիշխանութեան նկատմամբ յարգանքի պահպանումն ու լիբանանեան գերիշխանութեան բանեցումը` ամբողջ երկրին տարածքին:

Պու Հապիպի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Դանիոյ դեսպան Քրիսթոֆըր Վիվիք. քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Պու Հապիպ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հարաւային Քորէայի դեսպան Իլ Փարքը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:

Պու Հապիպ. «Լիբանան Անուղղակի Դերակատարութիւն
Ունեցաւ Ամերիկացի 5 Բանտարկեալներուն Ազատ Արձակումը
Ապահոված Իրանեան–Ամերիկեան Բանակացութիւններուն Մէջ»

Միւս կողմէ, Պու Հապիպ «Հուրրա» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ ինք նախագահական ընտրութեան թեկնածու չէ: «Ոչ ոքի հետ խօսած եմ կամ պիտի խօսիմ այդ մասին: Չեմ փափաքիր նախագահական ընտրութեան թեկնածութիւնս առաջադրել», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իր կարծիքով` նախագահական ընտրութեան թղթածրարին լուծումը մօտալուտ չէ:

Պու Հապիպ նկատել տուաւ, որ Իրանի դեսպանին կողմէ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին փոխանցած է նամակ մը, որ կ՛անդրադառնայ Իրանի մօտ ամերիկացի արգելափակեալներուն մասին իրանեան-ամերիկեան բանակցութիւններուն սառեցման:

Պու Հապիպ նկատել տուաւ, որ այս իմաստով Լիբանան անուղղակի դերակատարութիւն ունեցած է ամերիկացի 5 բանտարկեալներուն ազատ արձակումը ապահոված իրանեան-ամերիկեան բանակցութիւններուն մէջ:

Ամերիկացի բանտարկեալները ազատ արձակելու իբրեւ փոխադարձ քայլ կարելի եղած է հարաւային Քորէայի մէջ Իրանի պատկանող 6 միլիառ տոլարի գումարը վերադարձնել Իրանին: «Սակայն այդ գումարը ուղղակի Իրանին պիտի չյանձնուի, այլ 6 միլիառ տոլարը պիտի փոխանցուի քաթարեան դրամատուներ, որոնց միջոցով կարելի պիտի ըլլայ նշեալ գումարով սննդեղէն եւ դեղորայք ապահովել Իրանին», ըսաւ Պու Հապիպ:

Իրան այցելելու հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պու Հապիպ յայտնեց, որ իրանցի իր պաշտօնակիցը` Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան, զինք հրաւիրած է Թեհրան: Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանանի արտաքին գործոց նախկին նախարարները Իրան չեն այցելած` աւելցնելով, որ իր կատարելիք այցելութիւնը կառավարութեան հաւանութեան կարիք ունի, «հետեւաբար նախարարաց խորհուրդի նիստին ընթացքին պիտի արծարծեմ Իրան կատարուելիք այցելութեան թղթածրարը` նկատի ունենալով, որ այդ այցելութիւնը պիտի ըլլայ ծանօթացման արարողակարգային այցելութիւն մը», ըսաւ ան:

Սուրիա այցելութիւն կատարելիք նախարարական յանձնախումբին նախագահելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պու Հապիպ յայտնեց, որ ինք չ՛ուզեր այդ յանձնախումբին նախագահել, որովհետեւ անիկա արտաքին գործոց նախարարութեան պարտականութիւնը չէ: «Ես մնայուն կապի մէջ եմ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատի հետ: Ինչո՞ւ յանձնախումբի նախագահեմ, եթէ ոչինչ պիտի կարենամ իրականացնել: Այս առումով, Մըքտատին հաստատած եմ, որ պատրաստ եմ Սուրիա այցելելու` արտաքին գործոց նախարարութեան մէկ պատուիրակութեան հետ», հաստատեց ան:

Պու Հապիպ նշեց, որ Սուրիա ապահով է` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածները քաղաքական ապաստանեալներ չեն, այլ Սուրիոյ ապրուստի եւ տնտեսական ճգնաժամէն փախուստ տուած տեղահանուածներ:

Պու Հապիպ յայտնեց նաեւ, որ Մարոքի երկրաշարժին ընթացքին լիբանանցի զոհեր չեն արձանագրուած` աւելցնելով, որ Մարոքի մէջ ապրող լիբանանեան համայնքը արեան տուչութեան արշաւ մը պիտի կատարէ` մարոքեան Կարմիր մահիկին հետ համադրաբար:

 

 

Նախորդը

Այն Հելուէի Մէջ Կը Տիրէ Զգուշաւոր Լռութիւն

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Վաւերացուց 2024-ի Պետական Ամավարկի Նախագիծը

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?