Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապպաս Իպրահիմ. «Կը Զգուշացնենք Այն Հելուէի Դէմ Նիւթուող Դաւադրութենէն»

Սեպտեմբեր 12, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը մեծարելու նպատակով Քաուսարիաթ Սիետի մէջ կազմակերպուեցաւ ընթրիքի երեկոյ մը, որուն ընթացքին ան հաստատեց, որ հարաւային Լիբանանի ապահովութիւնն ու դէպի հարաւ առաջնորդող ուղին իրենց սրտէն հարուած ստացած են` պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ բնակող պաղեստինցիներուն դէմ գործուած յարձակումներով:

Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ կան աւազակախումբեր, որոնք կը յարձակին պաղեստինցի գաղթականներուն վրայ` նպատակ ունենալով հարուածել պաղեստինեան հողերէն դուրս գտնուող այն վայրը, ուր ամէնէն ընդարձակ պաղեստինեան ներկայութիւնը կայ:

«Այսօր պաղեստինցիներուն դէմ գործուած յարձակումը կը նշանակէ ծառայել իսրայէլեան ծրագիրներուն` նկատի ունենալով, որ իսրայէլեան ուժերը Կազայի եւ Այսրյորդանանի մէջ պաղեստինցիներուն դիմադրելու դժուարութեան դէմ յանդիման կը գտնուին: Հետեւաբար կը զգուշացնենք Այն Հելուէի կամ պաղեստինեան համախմբումներուն դէմ նիւթուող դաւադրութենէն», շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ:

Ան յայտնեց նաեւ, որ Լիբանանի մէջ նախագահական դատարկութեան փուլը իր կարգին մտահոգիչ է` աւելցնելով, որ ներկայիս առկայ լուծումը, որուն արդիւնքները երաշխիքներ կ՛ապահովեն,  Թաէֆի եւ սահմանադրութեան գործադրութիւնն է:

Ապպաս Իպրահիմ նկատել տուաւ, որ Թաէֆէն եւ սահմանադրութենէն դուրս ամէն ինչ արկածախնդրութիւն կը նկատուի` դիտել տալով, որ Թաէֆը, որ աւելի ուշ Ազգային ուխտ կոչուած է, կարելի եղած է գոյացնել լիբանանցիներուն միջեւ երկխօսութեան շնորհիւ: «Այս շրջագիծին մէջ պէտք է ընդառաջել երկխօսութեան հրաւէրներուն, որպէսզի սահմանադրութեան ճշդած սահմաններուն ընդմէջէն կարելի ըլլայ երկրին քաղաքական տագնապին լուծում մը ապահովել», ընդգծեց Իպրահիմ:

Իր խօսքը ուղղելով հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն` Իպրահիմ հաստատեց, որ արտօնելի չէ անոնց հայրենասիրութիւնը կասկածի տակ առնել:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պըրրի Կը Հաստատէ Իր Նախաձեռնութեան Ի Զօրու Մնալը

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ  Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»
Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Պատերազմ Չկայ, Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?