Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Չկրցաւ Քննարկել Սուրիացի Տեղահանուածներու Թղթածրարը` Օրինաթիւի Չգոյութեան Պատճառով

September 12, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին պիտի նախագահէր սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին յատուկ կառավարութեան նիստի մը, որ սակայն կարելի չեղաւ` օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով:

Այդ նիստին փոխարէն տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը` ներկայութեամբ լիբանանեան բանակի հրամանատարին եւ ապահովական կառոյցներու պետերուն:

Միքաթիի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ վարչապետի պաշտօնակատարը ցաւ կը յայտնէ նախարարի պաշտօնակատարներուն բացակայութեան համար, յատկապէս անոնք, որոնք օրն ի բուն  այս թղթածրարին մասին կեցուածքներ կը յայտարարեն:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ այսօր դրսեւորուած վարուելակերպը ցոյց կու տայ, որ այդ կեցուածքները յաւելաբանութիւններ են:

Միքաթի ընդգծեց, որ լիբանանեան պետութիւնը այս իմաստով օր մը օրանց թերացում չէ արձանագրած եւ բանակին ու ապահովական կառոյցներուն ընդմէջէն հետեւած է սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին: «Սակայն պահանջուածը այն է, որ միացեալ կեցուածք մը եւ մօտեցում մը ճշդուի այդ թղթածրարին նկատմամբ, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ հարիւրաւոր սուրիացի տեղահանուածներ ամէնօրեայ դրութեամբ Լիբանան մուտք կը գործեն ապօրինի անցքերու ճամբով», կը հաստատէ Միքաթի:

Խորհրդակցական հանդիպումէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն սուրիացի տեղահանուածներուն մասին  բացայայտած է այնպիսի թիւեր, որոնք հսկայական են եւ վախազդու:

Ան նկատել տուաւ, որ կառավարութեան գումարելիք յետմիջօրէի նիստին մասին երաշխիքներ չկան:

Բայց եւ այնպէս երեկոյեան ժամը 5:15-ին կարելի եղաւ կառավարութեան նիստ մը գումարել, որովհետեւ օրինաթիւ գոյացաւ: Նիստին ընթացքին շարունակուեցաւ 2024-ի պետական ամավարկի նախագիծի քննարկումը:

Նիստէն ետք Մքերի յայտնեց, որ կառավարութիւնը քաղաքապետարաններէն խնդրած է անմիջապէս տեղեկացնել սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող կասկածելի որեւէ շարժումներու կամ հաւաքոյթներու մասին, յատկապէս երբ այդ տեղահանուածները կ՛առաջնորդուին անոնց շրջաններուն մէջ բնակութիւն հաստատելու համար:

Մքերի հաստատեց, որ իւրաքանչիւր քաղաքապետութիւն անմիջական ստուգում պէտք է կատարէ իր տարածքին մէջ բնակող սուրիացի տեղահանուածներուն մասին, անոնց վերաբերող տուեալներուն մասին տեղեկագիր պատրաստէ եւ վերջ տայ ենթակառոյցներուն վրայ անոնց գործած օրինազանցութիւններուն եւ խախտումներուն:

Մքերի նշեց, որ կառավարութիւնը 2024-ի պետական ամավարկի նախագիծի քննարկումը պիտի շարունակէ այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, վարչապետարանին մէջ գումարուելիք նիստին ընթացքին:

Ան աւելցուց, որ նիստին ընթացքին կառավարութիւնը կազմած է նախարարական յանձնախումբ մը, որ պիտի այցելէ Սուրիա` քննարկելու համար սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը:

Նախարարական յանձնախումբին պիտի նախագահէ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ:

 

 

Նախորդը

Պըրրի Կը Հաստատէ Իր Նախաձեռնութեան Ի Զօրու Մնալը

Յաջորդը

Այն Հելուէ Կը Շարունակէ Մնալ Բուռն Զինեալ Բախումներու Կեդրոն` Սպառնալով Նաեւ Սայտայի Անվտանգութեան

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.