Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանսուրի Հանդիպում Մը Ունեցաւ Դրամատուներուն Մէջ Հաշիւ Ունեցող Քաղաքացիները Ներկայացնող Միութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

September 13, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի գործակատար Ուասիմ Մանսուրի հանդիպում մը ունեցաւ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող լիբանանցի քաղաքացիները ներկայացնող միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:

Անոնք են` «Դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող լիբանանցի քաղաքացիներու պոռթկում» եւ «Դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող լիբանանցի քաղաքացիներու համախմբում» միութիւններու նախագահներ Ալա Խորշիտ, Մուսա Աղասի, Սայիտ Զուայհետ եւ Սամեր Պուսթանի:

Միութիւններուն կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ քննարկուեցան բոլոր մարտահրաւէրներն ու կարելի լուծումները, ինչպէս նաեւ թիւ 44 օրէնքին մանրամասնութիւններն ու իրաւական հաշուեքննութիւն կատարող խորհուրդի նախագահին իրաւասութիւնները:

Պուսթանի Մանսուրիէն պահանջեց գործադրել թիւ 44 օրէնքի Թ. յօդուածը, որ իրաւասութիւն կու տայ կառավարիչին պաշտպանելու դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող լիբանանցի քաղաքացիներու իրաւունքները եւ երաշխաւորելու այդ գումարները վերստանալու կարելիութիւնը: Պուսթանի պահանջեց նաեւ հետեւիլ միջազգային կազմակերպութիւններու ընդմէջէն Լիբանանէն դուրս փախցուած գումարներուն մանրամասնութիւններուն:

Իր կարգին, Զուայհետ հաստատեց, որ դրամատուներուն պէտք է արգիլել, որ անոնց մէջ հաշիւ ունեցող լիբանանցի քաղաքացիներուն հաշիւները փակեն եւ անոնց գումարներուն համազօր չեք մը պատրաստեն ու նօտարներուն ուղարկեն:

Մանսուրի խոստացաւ այս պահանջները գործադրել` աւելցնելով, որ մօտիկ ապագային ինք «Դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող լիբանանցի քաղաքացիներու պոռթկում» եւ «Դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող լիբանանցի քաղաքացիներու համախմբում» միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ դրամատուներու աշխատանքին հսկող քննիչներու խորհուրդին միջեւ հանդիպում մը պիտի կազմակերպէ:

Մանսուրի աւելցուց, որ կառավարութեան վաւերացնելիք պետական նոր ամավարկին մէջ  90.000 լ. ոսկին պիտի որդեգրուի ամերիկեան տոլարի իբրեւ փոխարժէք:

Զուայհետ նշեց նաեւ, որ Մանսուրի խոստացած է, որ ապագային թիւ 158 հրամանագիրին հիման վրայ ստացուելիք գումարը 1000 տոլարի բարձրացուի:

Մանսուրի շեշտեց, որ Կեդրոնական դրամատան պահեստի գումարը անձեռնմխելի պիտի մնայ:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Այն Հելուէի Մէջ Կը Տիրէ Զգուշաւոր Լռութիւն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.