Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 13, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.600 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 5000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 5000 լ. ոսկիով, մազութը` 13.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 9000 լ. ոսկիով:

Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.806.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.844.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.692.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 923.000 լ. ոսկի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Լիբանանի ցամաքային սահմաններուն հսկողութեան շրջագիծին մէջ այս շաբթուան ընթացքին կրցած է արգիլել 1250 սուրիացիներու ապօրինի մուտքը Լիբանան:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատա միջազգային ընտանիքի անդամներուն ուղղելով իր խօսքը շեշտեց, որ եթէ անոնք վերատեսութեան չենթարկեն սուրիացի տեղահանուածները Լիբանանի մէջ բնակեցնելու իմաստով իրենց դաւադիր ծրագիրը, ապա ծովու ճամբով անոնց երկիրները կատարուելիք տեղահանութիւնը պիտի օրինականացուի:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ալճերիոյ դեսպան Ռաշիտ Պըլպաքին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ալճերիական երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրօ յայտնեց, որ ինք Լիբանանի մէջ Ֆրանսան ներկայացնելու դիւանագիտական պաշտօնը պաշտօնապէս ստանձնած է` աւելցնելով, որ Ֆրանսա կը շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանին: Ան հաստատեց, որ ինք պիտի շարունակէ Ֆրանսայի նախկին դեսպան Անն Կրիոյի աշխատանքը եւ պիտի ջանայ Լիբանանը վերադարձնել կայունութեան ու բարգաւաճման ուղիին: «Ճիշդ է, որ մարտահրաւէրները մեծաթիւ են, սակայն վստահ եմ, որ պիտի կարենանք պահպանել յոյսը, կամքը եւ պատմական արմատներ ունեցող ֆրանսական-լիբանանեան բարեկամութիւնը», հաստատեց Մակրօ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ատիպ Ապտել Մեսիհ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ցարդ կը մնայ նախագահական  ամէնէն հաւանական թեկնածուն:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Դիմադրութեան առանցքին օղակը հետզհետէ կը սեղմուի:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա կոչ ուղղեց աղբերու հաւաքման հարցին արմատական լուծում մը ճշդելու եւ ամբողջ Լիբանանի տարածքին թափօններու թաղման վայրեր հաստատելու:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Հասպանի յայտնեց, որ երկրին մէջ փտածութեան, ինչպէս նաեւ տեղական ու շրջանային զէնքի իշխանութիւնը Լիբանանը զետեղած է լուսանցքայնացած երկիրներու առանցքին վրայ:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ ընդունեց Լիբանանի մէջ Պելճիքայի դեսպան Կուեն Վիրվաքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ, անդրադառնալով հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին, յայտնեց, որ ժամանակն է կոչ ուղղել անոր, որ համայնքի իրաւունքներուն տէր կանգնի:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Հասան Պաղտատի հաստատեց, որ Հըզպալլա պիտի շարունակէ հսկել Լիբանանի շահերուն:

ՅՈՐԴԱՆԱՆԵԱՆ «Տուսթուր» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ներկայիս նախագահական ամէնէն հզօր թեկնածուն է: Նոյն օրաթերթին համաձայն, մինչեւ սեպտեմբերի աւարտ զօր. Աունի թեկնածութեան մասին Լիբանանի մէջ կարելի պիտի ըլլայ կա՛մ համաձայնութիւն եւ կա՛մ ձախողութիւն յայտարարել:

 

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն. «Թեհրանի Հաշիւներու Ապասառեցումը Չի Նշանակեր Պատժամիջոցները Չեղեալ Նկատել»

Յաջորդը

Մանսուրի Հանդիպում Մը Ունեցաւ Դրամատուներուն Մէջ Հաշիւ Ունեցող Քաղաքացիները Ներկայացնող Միութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.