Պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ զինեալ բախումները դադրեցնելու առումով ի գործ դրուած ջանքերէն ետք, նախանցեալ երեկոյեան կարելի եղաւ գաղթակայանին մէջ համեմատաբար հաստատուն զինադուլ մը յայտարարել:
Երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին տիրեց զգուշաւոր լռութիւն, որուն շնորհիւ Սայտայի մէջ կարելի եղաւ նշմարել կեանքի աստիճանական վերադարձը:
Սայտայի մէջ երթեւեկը վերսկսաւ, դէպի հարաւ տանող արեւելեան մայրուղին երկու ուղղութեամբ վերաբացուեցաւ, իսկ կարգ մը վաճառատուներ բացին իրենց դռները:
Նշենք, որ նախանցեալ գիշեր Լիբանան հասաւ Ֆաթհի յարաբերական կապերու կեդրոնական խորհուրդի ներկայացուցիչ Ազզամ Ահմետ:
Իր կարգին, Լիբանանի մէջ Ֆաթհի պատասխանատու Մունիր Մաքտահ յայտնեց, որ կացութիւնը կ՛ուղղուի դէպի զինադուլի ամրապնդում` հակառակ զայն խզելու կարգ մը փորձերուն:
Ապագային զինեալ բախումներու վերսկսելուն եւ բուռն թափ ստանալուն հանականութեան մասին Մաքտահ յայտնեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան գրասենեակին մէջ Պաղեստինեան խմբաւորումներուն եւ Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան միացեալ աշխատանքի խորհուրդին միջեւ հանդիպումն ու գոյացած համաձայնութիւնը` մնայուն զինադուլ յայտարարելու, եւ Ֆաթհ շարժումի դերգնդապետ, Ազգային անվտանգութեան պատասխանատու Ապու Աշրաֆ Արմուշին ու անոր ընկերակիցները, ինչպէս նաեւ Ապտել Ռահման Ֆարհուտը սպաննող յանցագործները լիբանանեան իշխանութիւններուն յանձնելու իմաստով նախապէս գոյացած համաձայնութիւն մըն է, որ յայտարարուած է պաղեստինեան դեսպանատունէն:


