ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.650 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 7000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 7000 լ. ոսկիով, մազութը` 12.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը մնացած է նոյնը: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.843.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.881.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.750.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 938.000 լ. ոսկի:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի շնորհաւորական նամակ մը ստացաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիէն` Մոհամետ մարգարէի ծննդեան տօնին առիթով:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Էլիաս Պու Սաապ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան վերաբերող ֆրանսական նախաձեռնութեան կապուած խնդիրներ: Նշենք, որ Մակրօ այցելեց նաեւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէի, որուն հետ քննարկեց նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցեր: Մակրօ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան հիմնական պատասխանատուութիւնը լիբանանցիներուն կը վերաբերի:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի անձնական պատուիրակ Ժորժ Շաապան հանդիպում մը ունեցաւ Միջին Արեւելքի եւ ափրիկեան երկիրներու մէջ Ռուսիոյ նախագահի անձնական պատուիրակ եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանովի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Պոկտանով շեշտեց Ռուսիոյ զօրակցութիւնը` Լիբանանի կայունութեան եւ գերիշխանութեան:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Սէուտ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու զարգացումները: Հանդիպումը ունէր ծանօթացման արարողակարգային բնոյթ:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ յայտնեց, որ լիբանանեան ազգային երկխօսութեան ընդմէջէն է, որ պէտք է յանգիլ միացեալ որոշումի մը, այլապէս` Լիբանանի գոյութիւնը պիտի վնասուի եւ երկիրը պիտի բզքտուի:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ հիւսիսային Պեքաայի, յատկապէս Հերմելի շրջանին մէջ կատարեց շրջապտոյտ մը, որուն ընթացքին ստուգեց լիբանանեան բանակի զօրանոցները:
ԱՆԿԱԽ երեսփոխանական հանդիպում համախմբումի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ իրենք նախագահական ընտրութեան թեկնածուի անուն ունին, սակայն այդ մասին պիտի չբացայայտեն, մինչեւ որ նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի լուրջ նիստեր գումարուին:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու տագնապին մասին հաստատեց, որ այդ թղթածրարը ազգային է եւ անոր նկատմամբ պէտք է լուրջ մօտեցում ցուցաբերուի` հեռու մնալով ցեղապաշտական բառամթերքի օգտագործումէն եւ յաւելաբանութիւններէն:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրելու կարելիութիւնները աւելի եւս կը հաստատուին` աւելցնելով, որ մինչեւ Նոր տարի կարելի է նախագահական ընտրութիւն կատարել:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: