Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Սեպտեմբեր 19, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շարունակեց Աւստրալիա կատարած իր հովուապետական այցելութիւնը: Ան Սիտնիի Մար Մարուն եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց գոհաբանութեան Ս. պատարագ` հաստատելով, որ բոլոր լիբանանցիները հրաւիրուած են պահպանելու իրենց հայրենիքը, որպէսզի շրջանին մէջ անոր դերակատարութիւնը չվերանայ:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատա հաստատեց, որ Լիբանանի գոյացութիւնը պահպանող երկու հիմնասիւները, որոնք են ազգային միասնականութիւնն ու միացեալ արժէքները, թիրախաւորուած են: «Այն ինչ որ թշնամին զինուորական իր ահաբեկչութեամբ չկրցաւ իրագործել, կը փափաքի մտային եւ գաղափարական ահաբեկչութեամբ գործադրել», ըսաւ ան:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի ընդունեց Լիբանանի մէջ Մարոքի դեսպան Մոհամետ Էքրինը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց ներքին լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցերը:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ եթէ Արեւմուտքը կը փափաքի հանրապետութեան նախագահ պարտադրել` խախտելով սահմանադրութիւնը, ապա նուազագոյնը պէտք է անկէ ստանալ բացայայտ յանձնառութիւններ` Լիբանանի շրջափակումը վերացնելու, ինչպէս նաեւ տեղահանուածներու տունդարձը երաշխաւորող յստակ գործիքակազմ մը ներկայացնելու:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ յայտնեց, որ լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը անհրաժեշտ է` աւելցնելով, որ իրենց տեսակէտը սկզբունքով դրական է, սակայն կը փափաքին կարգ մը մանրամասնութիւններ իմանալ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Քարամ հաստատեց, որ ֆրանսական նախաձեռնութիւնը ձախողած է` աւելցնելով, որ անիկա կողմնակալ նախաձեռնութիւն էր եւ չէր կրցած հակառակորդ քաղաքական ուժերը համոզել:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն հաստատեց, որ առանց քաղաքական ուժերուն միջեւ խորհրդակցութիւններ կատարելու կարելի չէ լուծման մը յանգիլ նախագահական ընտրութեան առումով:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Էլիաս Մըր զգուշացուց լիբանանեան բանակը քաղաքականութեան եւ նախագահական ընտրութեան միջամուխ դարձնելու քայլէն:

 

 

 

Նախորդը

Հիւսիսային Իտալիոյ Մէջ 5,1 Աստիճան Ուժգնութեամբ Երկրաշարժ

Յաջորդը

Զօր. Աուն. «Նախագահական Ընտրութեամբ Հետաքրքրուած Չեմ, Եւ Ինծի Համար Անիկա Կարեւոր Չէ»

RelatedPosts

Պարրաք. «Շնորհակալութի՛ւն  Ուալիտ Ժոմպլաթին»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Շնորհակալութի՛ւն Ուալիտ Ժոմպլաթին»

Սեպտեմբեր 18, 2025
Հանգստեան Կոչուած  Զինուորականներու Բողոքի Ցոյց
Լիբանանեան

Հանգստեան Կոչուած Զինուորականներու Բողոքի Ցոյց

Սեպտեմբեր 18, 2025
Ժահժահ. «Պու Սաապ Պէտք Է Ընտրական Օրէնքը  Սերտելու Յանձնախումբը Արագօրէն Ժողովի Հրաւիրէ»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Պու Սաապ Պէտք Է Ընտրական Օրէնքը Սերտելու Յանձնախումբը Արագօրէն Ժողովի Հրաւիրէ»

Սեպտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?