Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ Նիւ Եորքի մէջ մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի 78-րդ Ընդհանուր ժողովի բացման նիստին:
Միքաթիի կ՛ընկերակցին արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ եւ ՄԱԿ-ի մօտ Լիբանանի ներկայացուցիչի գործակատար Ժան Մըրատ:
Միւս կողմէ, Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Կութիերես հաստատեց ՄԱԿ-ի զօրակցութիւնը լիբանանցի ժողովուրդին եւ բարձր գնահատեց Լիբանանի առատաձեռնութիւնը` սուրիացի տեղահանուածները հիւրընկալելու իմաստով:
Կութիերես ընդգծեց, որ Լիբանանի օժանդակ երկիրներուն հետ խորհրդակցութիւններ պիտի ունենայ եւ անոնցմէ պիտի խնդրէ օժանդակել Լիբանանի աւելի աղքատ ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ լուծել սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը:
Իր կարգին, Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ին, որ միշտ կը զօրակցի Լիբանանին, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Կութիերեսին, որ անձամբ զօրակցեցաւ Լիբանանի կեցուածքին` ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու առումով Ապահովութեան խորհուրդի գումարած նիստին ընթացքին:
Միքաթի վերահաստատեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ միջազգային որոշումներուն գործադրութեան: Ան կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ին արգիլելու Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ իսրայէլեան ոտնձգութիւնները:
Միքաթի մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու հարցին առնչութեամբ, յատկապէս նկատի ունենալով այն երկրին դիմագրաւած տնտեսական եւ ելեւմտական սուր տագնապը:
Միքաթի այսօր ՄԱԿ-ի ամպիոնէն պիտի արտասանէ Լիբանանի խօսքը:
Միւս կողմէ, «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ երկու միլիոն մարդիկ ահաւոր աղքատութեան պայմաններու մէջ կ՛ապրին, եւ ընդգծեց, որ Լիբանան անմիջական միջազգային զօրակցութեան կարիքը ունի` լուծելու համար սուրիացի տեղահանուածներու հարցը: