Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը, Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան տնօրէնութեան թափուր պաշտօնին համար, ելեւմտական նախարարութեան մէջ գործող Մարիա Նալպանտեան նշանակուեցաւ ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնի պաշտօնակատար` նկատի ունենալով, որ ներկայիս կառավարութիւնը ի վիճակի չէ առաջին կարգի պաշտօններու նշանակում կատարել:
Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Թիւթէլեան-Կիտանեանի պաշտօնավարութեան աւարտէն ետք, աթոռը մնացած էր թափուր:
Մարիա Նալպանտեանի նշանակումով վերահաստատուեցաւ հայ համայնքի իրաւունքները պետական կառոյցին մէջ:
Նալպանտեան այցելեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի` շնորհակալութիւն յայտնելով իր նշանակումին առնչութեամբ պլոքին թափած ճիգերուն, միաժամանակ իր կարելիութիւնները դնելով հայ համայնքին ի սպաս: