Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի Հասաւ Նիւ Եորք` Մասնակցելու ՄԱԿ-ի 78-րդ Ընդհանուր Ժողովին

September 19, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ հասաւ Նիւ Եորք, ուր պիտի մասնակցի ՄԱԿ-ի 78-րդ Ընդհանուր ժողովին:

Միքաթիի ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կը կազմեն արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ եւ ՄԱԿ-ի մօտ Լիբանանի ներկայացուցիչի գործակատար Ժան Մըրատ:

Միքաթի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին պիտի արտասանէ Լիբանանի խօսքը, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի եւ Ընդհանուր ժողովին մասնակցող պատուիրակութիւններու նախագահներուն հետ:

Նիւ Եորքի մէջ Միքաթի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Վիքթորիա Նուլընտի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապները:

Միքաթի միջազգային հասարակութենէն պահանջեց օժանդակել Լիբանանին` լուծելու համար սուրիացի տեղահանուածներու տագնապը, որ Լիբանանի գոյութեան եւ ընկերային կառուցուածքին վտանգ կը սպառնայ:

Միքաթի նշեց, որ կառավարութիւնը պատրաստած է Միջազգային դրամական ֆոնտին պահանջած բարեկարգումի օրինագիծերը եւ զանոնք փոխանցած խորհրդարան:

Իր կարգին, Նուլընտ կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական ուժերուն անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարելու` հաստատելով, որ Ուաշինկթըն կը զօրակցի հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան առումով միջլիբանանեան որեւէ երկխօսութեան:

Նուլընտ անհրաժեշտ նկատեց, որ Լիբանան իր գործակցութիւնը ամրապնդէ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ, յատկապէս գաղթականներու հարցով ՄԱԿ-ի բարձրագոյն յանձնակատարին հետ` լուծելու համար սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը:

Նուլընտ հաստատեց, որ Ուաշինկթըն կը զօրակցի լիբանանեան բանակին` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ անհրաժեշտ կը նկատեն Լիբանանի կողմէ տնտեսական եւ ելեւմտական բարեկարգումներու ամբողջացումը:

 

 

Նախորդը

Զօր. Աուն. «Նախագահական Ընտրութեամբ Հետաքրքրուած Չեմ, Եւ Ինծի Համար Անիկա Կարեւոր Չէ»

Յաջորդը

Պըրրի. «Հոկտեմբերի Սկիզբը Պիտի Հրաւիրեմ Երկխօսութեան»

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ.  «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ»  Կ՛ըսէ Սալամ
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ. «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ» Կ՛ըսէ Սալամ

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.