ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 12.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 12.000 լ. ոսկիով, մազութը` 18.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 15.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.836.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.874.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.738.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 938.000 լ. ոսկի:
ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի տեղեկատու գրասենեակը հրապարակեց հրամանագիր մը, որուն լոյսին տակ Մոհամետ մարգարէի ծննդեան օրուան առիթով չորեքշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2023-ին, պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները կը մնան փակ:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի յայտնեց, որ ֆրանսական նախաձեռնութիւնը տակաւին ուժի մէջ է, իսկ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի նկատմամբ զօրակցութիւնը հաստատուն է: Մքերի ընդգծեց, որ նախագահական ընտրութեան երրորդ թեկնածուի մը անուն չէ առաջադրուած:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա այցելեց երեսփոխան Ապտել Ռահման Պըզրիի եւ նախկին երեսփոխան Պահիա Հարիրիի: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան թղթածրարն ու շրջանային իրադարձութիւններուն ունեցած հետեւանքները Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական եւ տնտեսական տագնապներուն վրայ:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապը, որուն հետ քննարկեց նախագահական ընտրութեան թղթածրարին վերաբերող հարցեր:
ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ երկխօսութիւնը պարտադիր անցք է` հասնելու համար հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան, իսկ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը ընտրած է ըլլալ երկխօսութեան կայացումը արգելակող հիմնական ուժը:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ օր մը օրանց չէ խափանած հարցի մը կամ տագնապի մը լուծումը` աւելցնելով, որ ան կը շարունակէ մնալ նախագահական ընտրութեան հիմնական թեկնածու: Թոնի Ֆրենժիէ աւելցուց, որ Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը յետս կոչելը տակաւին առկայ չէ:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Էլիաս Ըսթֆեն յայտնեց, որ Լիբանանի համար Ֆրանսայի նախագահ
Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան Պէյրութի մէջ լիբանանցի երեսփոխաններուն հետ ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին առաջարկած է երրորդ թեկնածուի մը անուան շուրջ համախոհութիւն գոյացնել:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա մեկնեցաւ Պաղտատ` մասնակցելու համար Արաբական երկիրներու խորհրդարաններու համադաշնակցութեան 32-րդ ընդհանուր ժողովին:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ ներկայ պայքարը նախագահական ընտրութեան պայքար չէ, այլ` պետութեան գոյատեւման պայքար:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա այցելեց Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի: Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: