ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.800 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա հաստատեց, որ միջազգային ընտանիքը բաւարար ճիգ ի գործ չդրաւ` լուծելու համար Լիբանանի նախագահական աթոռի թափուր մնալուն հարցը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա ընդունեց երեսփոխանական պատուիրակութիւն մը, որմէ ստանձնեց խնդրագիր մը` կազմելու հետաքննութեան միջազգային յանձնախումբ մը` հետաքննելու համար Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ ներքին եւ արտաքին նախաձեռնութիւնները ձախողցնելը յանցանք է եւ ոչ թէ նուաճում:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերը ձախողեցուցին դէպի Եւրոպա թմրեցուցիչի մաքսանենգումի գործողութիւն մը: