Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լը Տըրիան Մեզմէ Խնդրեց Ներդրում Ունենալ Եւ Շարունակել Ջանքերը` Յանգելու Համար Նախագահական Համախոհական Թեկնածուի Մը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Սեպտեմբեր 20, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ կատարած իր հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերուն, երկխօսութեան կարելիութեան, նախագահական ընտրութեան, տնտեսական տագնապի լուծման, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ներքին շարք մը այլ հարցերու:

Լիբանանի համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի նախաձեռնութեան եւ անոր առկայ ըլլալուն կամ աւարտելուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ լիբանանցիները սովորաբար արագ եւ պէտք եղածէն աւելի կը խանդավառուին արտաքին ազդակներով: «Այսինքն, երբ Լիբանանի համար պատուիրակ մը կը ճշդուի կամ այսինչ երկրին արտաքին գործոց նախարարը յայտարարութիւն մը կը կատարէ Լիբանանի վերաբերող, լիբանանցին իր յոյսերը կը բարձրացնէ` գրաւը դնելով արտաքին աշխարհին վրայ: Ներկայիս մեծ յոյսեր կան Լիբանանի տագնապին լուծման համար գործող հինգ պետութիւններէն կազմուած խորհուրդին վրայ, Ֆրանսայի եւ նախագահ Մաքրոնի վրայ, որպէսզի կարենանք լուծել նախագահական ընտրութեան տագնապը, որ իր կարգին պիտի արդիւնաւորուի երկրին դիմագրաւած մնացեալ տագնապներուն լուծումով: Վերջերս սկսած են շշուկներ տարածուիլ քաթարցի պատուիրակի մը այցելութեան հաւանականութեան մասին, աւելի ուշ կրնայ սէուտցի պատուիրակ մըն ալ այցելել Լիբանան: Այս բոլորին մէջ կարեւորագոյնը կը մնայ միջլիբանանեան երկխօսութիւնը, որ այլընտրանք չունի: Ասիկա իրականութիւն մըն է, որ մնայուն կերպով փաստուած է», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ երկխօսութիւն կատարել չի նշանակեր սահմանադրութիւնը մէկդի դնել, բայց եւ այնպէս ՀՅ Դաշնակցութեան համար յստակ համոզում է, որ երկխօսութեան այլընտրանքը միայն սադրանքն է, «այլ խօսքով` երբ կը մերժենք երկխօսութիւնը, քաջալերած կ՛ըլլանք սադրանքն ու հարցերը զէնքի ուժով լուծելու ընտրանքը, որ տասնեակ տարիներով գործադրուեցաւ, եւ բոլորս վկայեցինք, որ անոր պատճառով երկիրը ո՛ւր հասաւ», աւելցուց ան:

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը ընդգծեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական, տնտեսական, ելեւմտական, ընկերային, առողջապահական, կրթական եւ ամէն տեսակի տագնապները հետեւանք են խորհրդակցութեան չգոյութեան: «Մենք պէտք է մեր պատմութենէն սորվինք եւ այդ կատարելու համար պէտք է վառ պահենք մեր յիշողութիւնը: Երբ պատմական իրողութիւնները բաներ կը յուշեն, կարելի չէ անտեսել զանոնք, ինչպէս որ կարելի չէ անդունդը տեսնել եւ շարունակել այդ ուղղութեամբ քալել: Երկխօսութեամբ համոզուած չըլլալու իրողութիւնը կրնայ երկիրը առաջնորդել քաոսի եւ սադրանքներու: Այսօր կացութիւնը նախկինին չի նմանիր: Անցեալին տնտեսական, ընկերային եւ բարոյական փլուզում չկար, իսկ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը հարուածելու թաքուն ծրագիրները նուազ բացայայտ էին, հետեւաբար այսօր այս փուլ եկած կացութեան ներքեւ, մենք միջլիբանանեան գոյակցութեան ու Լիբանանի շահերը ապահովելու մասին պէտք է մտածենք եւ ոչ թէ երկխօսութիւնը մերժենք: Արտաքին աշխարհին վստահելու փոխարէն պէտք է ամրապնդենք մենք զմեզ եւ երկիրը», հաստատեց ան:

Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ պէտք է զգուշանալ տիրող լարուած կացութենէն` աւելցնելով, որ անցնող մէկ տարուան ընթացքին լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ` հիւսիսէն հարաւ, արձանագրուեցան բախումներ, ճակատումներ եւ այլ հարցեր, որոնց առաջքը կարելի եղաւ առնել տուեալ շրջաններուն քաղաքական ուժերուն կողմէ, բայց եւ այնպէս նոյն ելեկտրականացած մթնոլորտը յամենալու պարագային, ոչ ոք կրնայ երաշխաւորել իրավիճակը հակակշռելու մնայուն կարողութիւնը:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւիրած ազգային երկխօսութեան մասնակցելու ՀՅԴ-ի կեցուածքին ու Հզօր Լիբանան համախմբումի կեցուածքին զիրար խաչաձեւելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը Անկախութեան յայտարարութեան օրերէն երկխօսութեան ջատագովն է եւ մնայուն կերպով կոչ կ՛ուղղէ հարցերը երկխօսութեամբ լուծելու:

«Այդ օրերուն ոչ Հզօր Լիբանան համախմբում եւ ոչ ալ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւն գոյութիւն ունէին: Թերեւս հազարերորդ անգամ ըլլալով կ՛ըսեմ, սակայն պէտք է վերահաստատեմ, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դաշնակիցն է եւ իբրեւ այդպիսին մաս կը կազմէ Հզօր Լիբանան համախմբումին: Մեր միջեւ կայ փոխադարձ յարգանք, քաղաքական կեցուածքներու իւրայատկութիւն եւ կարծիք արտայայտելու ազատութիւն: Որոշումը կը տրուի մեր կողմէ` ՀՅ Դաշնակցութեան վերաբերող տեսակէտներուն մասին, իսկ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան որոշումը անոնք կու տան: Այսինքն, եթէ քաղաքական ուժերէն ոչ ոք ներկայ ըլլայ երկխօսութեան, մենք միակն ենք, որ ներկայ կ՛ըլլանք, որովհետեւ մեզի համար երկխօսութիւնը հիմնական է ու էական: Կոչ կ՛ուղղեմ քաղաքական բոլոր ուժերուն, որ նուազագոյնը այս անգամուան համար փորձեն առանց արիւնահեղութեան երկխօսութեան մասնակցիլ», շեշտեց Յ. Բագրատունի:

Լը Տըրիանի հետ հանդիպումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ այո՛, ան նախագահ Մաքրոնի յատուկ պատուիրակն է, սակայն միաժամանակ կը ներկայացնէ Լիբանանի տագնապին լուծման համար գործող հնգեակը, այսինքն` Լը Տըրիանի կեցուածքներն ու յայտարարութիւնները կը ներկայացնեն հինգ պետութիւններուն կեցուածքները:

«Լը Տըրիանի հետ ունեցած հանդիպումիս ընթացքին ան մերժեց թեկնածուներու անուններու մասին խօսիլ եւ արժեւորեց համախոհական հանրապետութեան նախագահի մը ընտրութեան ձգտող ՀՅ Դաշնակցութեան կեցուածքը: Ան խնդրեց մեզմէ ներդրում ունենալ եւ շարունակել ջանքերը` յանգելու համար նախագահական համախոհական թեկնածուի մը», ընդգծեց Յ. Բագրատունի` նշելով նաեւ, որ Լը Տըրիան հաստատած է, որ ի վերջոյ լիբանանցիներն են, որ այս հարցը պիտի լուծեն, իսկ հնգեակը պարզապէս օժանդակ դերակատարութիւն պիտի ունենայ:

Յ. Բագրատունի աւելցուց, որ Լը Տըրիան հաստատած է, որ Լիբանան պիտի վերադառնայ սեպտեմբերի աւարտին կամ առաւելագոյնը հոկտեմբերի սկիզբը, առանց անդրադառնալու քաթարցի պատուիրակի մը Պէյրութ այցելութեան: «Ամէն պարագայի սակայն, նոյնիսկ եթէ քաթարցի պատուիրակ մը այցելէ Լիբանան, ան պիտի գործէ Լիբանանի տագնապին լուծման համար գործող հնգեակին շրջագիծին եւ նախաձեռնութեան մէջ եւ ոչ թէ առանձին քաթարեան նախաձեռնութեամբ մը», շեշտեց ան:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ առկայ երկխօսութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ձգտումն է յանգիլ վարչական եւ ելեւմտական ապակեդրոնացեալ ընդարձակ դրութեան եւ ապահովագրութեան սնտուկի մը ստեղծումին:

Ան շեշտեց, որ այդ երկխօսութիւնը ցարդ լաւ ընթացքի մէջ է եւ զարգացումներ կ՛արձանագրէ: «Անշուշտ այս հարցերը երկարատեւ ժամանակի կարիք ունին` արդիւնքի յանգելու համար, որովհետեւ անոնք կարիքը ունին նաեւ խորհրդարանին, որ այս պահուս այդ օրէնքները կամ օրինագիծերը քննարկելու վիճակին մէջ չէ: Ամէն պարագայի, թէ՛ Հըզպալլան եւ թէ՛ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը հաստատեցին, որ ազգային ռազմավարական լուրջ հարցերու շուրջ իրենք կը մնան դաշնակից, եւ համոզուած եմ, որ անոնց միջեւ դաշինքը կը շարունակէ գոյատեւել», շեշտեց ան:

Անդրադառնալով կառավարութեան գործելաոճին` երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց կառավարութեան գործունէութեան անլրջութիւնը, յատկապէս սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին հարցով,  2023-ի ու 2024-ի պետական ամավարկերուն վաւերացումին վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնութեան կարելիութեան ջլատումին իմաստով:

Նախորդը

Մարիա Նալպանտեան Նշանակուեցաւ Վիճակագրութեան Կեդրոնական Վարչութեան Տնօրէնի Պաշտօնակատար

Յաջորդը

Պլինքըն. «Կը Քաջալերենք Ուղիղ Բանակցութիւնները` Մեծցնելու Շրջանի Բնակչութեան Մարդասիրական Մատակարարումներու Հոսքը»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?