Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ քրիստոնէութեան յատկանիշներէն հիմնականը խաղաղութիւնն է` աւելցնելով, որ այդ պատճառով է, որ եկեղեցին միշտ կը դատապարտէ պատերազմները եւ կոչ կ՛ուղղէ խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ տագնապները բանակցութեամբ եւ դիւանագիտական միջոցներով լուծելու:
«Այս դիտանկիւնէն մեկնելով է, որ կը հաստատենք, որ Լիբանանի կայունութիւնը ամրապնդուած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւով: Պէտք է յանձնառու մնալ այդ բանաձեւին գործադրութեան եւ Լիբանանն ու լիբանանցիները զերծ կացուցել Կազայի դէմ իսրայէլեան պատերազմէն», հաստատեց Ռայի պատրիարքը:
Ան կոչ ուղղեց նաեւ խորհրդարանին ընտրելու հանրապետութեան նախագահը եւ փրկելու լիբանանցիները, անոնց դիմագրաւած տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային տագնապներէն:
Ռայի պատրիարքը շաբաթ, 6 յունուար 2024-ին նախագահեց Յիսուս Քրիստոսի Մկրտութեան տօնի յատուկ արարողութեան, որուն ընթացքին ան դարձեալ հաստատեց, որ Լիբանան պէտք չէ այլ երկիրներու եւ ժողովուրդներու դէմ մղուած պատերազմին մէջ ներքաշուի եւ անոր հետեւանքները հանդուրժէ:
Ան վերահաստատեց թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան նախանձախնդիր մնալը` աւելցնելով, որ պէտք է ինքնազսպումի ենթարկուիլ եւ Լիբանանը հեռու պահել` Կազայի դէմ իսրայէլեան պատերազմին մէջ ներքաշուելէ:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումը Լիբանանի կառավարութեան կը պատկանի` ընդգծելով, որ պէտք է վերջ տալ բախումներուն եւ լուծումներ գտնել դիւանագիտական միջոցներով:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ եթէ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն պատկանելիութիւնը միայն Լիբանանին ըլլար, ապա անոնք հանրապետութեան նախագահ կ՛ընտրէին եւ կառավարութեան ու խորհրդարանին գործունէութեան յանձնառու կը մնային:
Նշենք, որ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան այցելեց Ռայի պատրիարքին, որուն հետ հանդիպումէն ետք հաստատեց, որ առաջին եւ վերջին լուծումը հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնն է: Ան նկատել տուաւ, որ նախագահական ընտրութիւնը խանգարելու իւրաքանչիւր փորձ Լիբանանին հարուած հասցնելու միտում կ՛ընդգրկէ իր մէջ:
Քանաան շեշտեց, որ ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբը իր կարողութեան սահմաններուն մէջ փորձեց բարեփոխել 2024-ի պետական ամավարկը` աւելցնելով, որ երեսփոխանական բոլոր պլոքները այդ ամավարկը վաւերացնելու պարտականութեան առջեւ կը գտնուին: