Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իր Խօսքը Ուղղելով Ժահժահին` Պըրրի. «Հարաւային Լիբանանէն Մէկ Մեթր Իսկ Չենք Զիջիր` Պետական Բարձր Պաշտօններ Ստանալու Փոխարէն»

January 3, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ այս փուլին ընթացքին ինք աւելի քան երբեք կառչած կը մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան:

Ան հաստատեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ լիբանանեան բանակին կողքին ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ներկայութիւնը անհրաժեշտ է, որովհետեւ անոնք ՄԱԿ-ի եւ միջազգային հասարակութեան վկան են` հարաւային սահմանագիծին վրայ Իսրայէլի գործած բռնարարքներուն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան օդային, ծովային եւ ցամաքային սահմանները խախտելուն:

«1978-ին` իսրայէլեան առաջին ներխուժումէն ետք, Հարաւային Լիբանանի մէջ 45 տարուան տեղակայումէն ետք ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը մեզի մաս կը կազմեն, մեր ընտանիքն են», ըսաւ Պըրրի:

Խորհրդարանի նախագահը կոչ ուղղեց վերջ տալու իրենց եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ յարաբերութիւնները սադրանքի ենթարկելու փորձերուն` աւելցնելով, որ նման արշաւներ ապարդիւն դուրս պիտի գան, եւ քաղաքական առումով կարելի պիտի չըլլայ շահեր ապահովել:

«Մենք ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հետ կը վարուինք իբրեւ մեր անմիջական միջավայրն ու ընկերութիւնը, որովհետեւ հարաւային Լիբանանի բնակչութեան եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ յարաբերութիւնները ամուր են, եւ անոնց միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդուած է:

Անդրադառնալով այն վարկածին, թէ կայ գործարք մը` Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը փոխարինելու հանրապետութեան նախագահութեան հետ, եւ բնականաբար անիկա դարձնելու Հըզպալլայի տրամադրուելիք շահը, Պըրրի` անուղղակիօրէն իր խօսքը ուղղելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահին, ըսաւ. «Հարաւային Լիբանանէն եւ ընդհանրապէս Լիբանանի տարածքէն մէկ մեթր իսկ չենք զիջիր` պետական բարձր պաշտօններ ստանալու փոխարէն»:

Պըրրի նկատել տուաւ նաեւ, որ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա իր կատարած հրաժեշտի վերջին այցելութեան ընթացքին ակնարկած է այն իրականութեան, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի աւագ խորհրդական Էյմըս Հոքշթայն այս ամսուան կիսուն պիտի այցելէ Լիբանան, որպէսզի հետապնդէ թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնն ու Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ սահմանագիծը ապահովական մագլցումներէ զերծ պահելու քայլերը:

«Լիբանան պատրաստ է թիւ 1701 բանաձեւը այսօր իսկ գործադրելու, սակայն Իսրայէլ մնայուն կերպով կը խանգարէ այդ բանաձեւին գործադրութիւնը, սկսեալ` բանաձեւին հրապարակուած օրէն, այլ խօսքով` յուլիս 2006-էն: Թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը կը սկսի Թել Աւիւէն, երբ իսրայէլեան ուժեր նահանջեն Ռաս Նաքուրայի «Պի 1» կէտէն, որ բռնագրաւուած էր 2000-ին», եզրափակեց Պըրրի:

Նշենք, որ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս` Կազայի պատերազմն ու հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած բախումները:

 

 

Նախորդը

Իսրայէլ Բուռն Կերպով Կը Ռմբակոծէ Հարաւային Լիբանանը

Յաջորդը

Նոր Տարուան Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

October 24, 2026
Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան  Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի  Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»

October 24, 2026
Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը  Հեռանայ Լիբանանէն»
Լիբանանեան

Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը Հեռանայ Լիբանանէն»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.