Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը այսօր Պքերքէի մէջ պիտի նախագահէ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը երէկ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Մքերի յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքը շնորհաւորած է Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդին առիթով` աւելցնելով, որ Լիբանան հսկայ տագնապներ կը դիմագրաւէ եւ ուղղակիօրէն կ՛ազդուի Կազայի պատերազմէն ու տնտեսական համաշխարհային տագնապէն:
Մքերի մաղթեց, որ Նոր տարուան ընթացքին նախագահական ընտրութեան լուրջ ջանքեր ի գործ դրուին:
Ան նկատել տուաւ, որ իրենք յոյս ունին, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը կը հրաւիրէ նախագահական ընտրութեան:
Մքերի նկատել տուաւ նաեւ, որ անդրադարձած են Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն վրայ Կազայի պատերազմին ունեցած ազդեցութեան, լիբանանցի երիտասարդներուն արտագաղթին, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին:
Մքերի նշեց, որ ինք համաձայն է Ռայի պատրիարքի այն կեցուածքին, որ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին ընտրութիւնը պէտք չէ կապուած ըլլայ Կազայի պատերազմին:
Մքերի նկատել տուաւ, որ Ազգային ազատ հոսանքի երեսփոխանները պէտք է մասնակցէին բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու խորհրդարանական նիստին` աւելցնելով, որ Մարատա հոսանքին եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան միջեւ յարաբերութիւնը հեզասահ է, «իսկ բանակի սպայակոյտի պետին նշանակումը ուղղակիօրէն կախեալ է օրինական քայլէ մը, որ հարցերը ճիշդ հունի վրայ կը զետեղէ», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, որ իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Ռայի պատրիարքին:
Հանդիպումէն ետք Սինիորա անհրաժեշտ նկատեց, որ Լիբանանը Կազայի պատերազմին միջամուխ չդառնայ, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութիւնը անմիջապէս կատարուի:
Պքերքէի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, որ յայտնեց, թէ Նոր տարուան իր առաջին մաղթանքը հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնն է` աւելցնելով, որ կարելի չէ խօսիլ սահմանադրութեան, օրէնքին եւ ժողովրդավարութեան մասին` անտեսելով ժողովրդավարական նուազագոյն կանոններն ու շրջանցելով զանոնք:
«Կարեւորագոյնը պետական հաստատութիւններուն բանեցումն է եւ անոր բանալին հանրապետութեան նախագահն է, առանց որուն` նշեալ հաստատութիւններուն փլուզումը պիտի շարունակուի», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը նախագահեց նաեւ Նոր տարուան կէս գիշերին մատուցուած Ս. պատարագին: Ան իր քարոզին մէջ խստիւ դատապարտեց եւ մերժեց այն ենթադրութիւնը, որ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին ընտրութիւնը ուղղակիօրէն առնչուած ըլլայ Կազայի պատերազմի աւարտին:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ եթէ խորհրդարանը ինքնիշխան է, ապա պէտք է նիստ գումարէ եւ հանրապետութեան նախագահ ընտրէ:
Ռայի պատրիարքը պահանջեց բնակարաններուն միջեւ զետեղուած հրթիռներու մարտկոցները վերացնել, որպէսզի իսրայէլեան քանդիչ պատասխաններու առաջքը առնուի:


