Նոր տարուան առաջին եւ երկրորդ օրերուն ընթացքին իսրայէլեան բանակը աւելի բուռն կերպով ռմբակոծեց հարաւային Լիբանանը` պատճառ դառնալով սահմանագիծին վրայ ընթացող բախումներուն յաւելեալ բռնկումին:
Իսրայէլի եւ Դիմադրութեան միջեւ ռմբակոծումները շարունակուեցան:
Իսրայէլեան բանակը հրետակոծեց Պընթ Ժպէյլ, Մարուն Ռաս, Թէյր Հարֆա, Ժըպպայն, Նաքուրա, Պթայշիէ, Տհայրա, Լապպունէ, Այն Զարքա, Պու Հրիսէի հովիտ, Ալմա Շաապ, Ռամիա, Սատտանէի բարձունքներ, Շեպաա, Քֆարշուպա, Եարուն, Համուլ հովիտ եւ Պլիտա շրջանները:
Իսրայէլեան հրետանին ռմբակոծեց նաեւ Մայսէլ Ժապալի կառավարական հիւանդանոցին շրջափակը` առանց վիրաւորներ պատճառելու:
Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը ռմբակոծեց Քֆարքիլան` քանդելով թիրախ դարձուած բնակարանին մօտակայքը:
Իսրայէլացի պատասխանատու մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Թել Աւիւ պիտի չարտօնէ, որ հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին կացութիւնը այսպէս շարունակէ` աւելցնելով, որ յառաջիկայ վեց ամիսները զգայուն պիտի ըլլան: Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ Կազայէն նահանջած իսրայէլացի զինուորները պիտի պաշտպանեն երկրին հիւսիսային սահմանները:
1 յունուարին Դիմադրութիւնը ռմբակոծեց իսրայէլեան Հատպ Պուսթան դիրքը` պատճառելով մարդկային եւ նիւթական վնասներ:
Նոյն օրը Հըզպալլայի մարտիկները ռմբակոծեցին նաեւ իսրայէլեան Եաարա զօրանոցին շրջակայքը, ուր կը գտնուէր իսրայէլացի զինուորներու համախմբում մը:
Դիմադրութիւնը երէկ հարուածեց իսրայէլեան Զարհիթ զօրանոցը, եւ անոր մօտակայքը գտնուող զինուորներու համախմբում մը` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ:
Դիմադրութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին անօդաչու թռչող սարքով թիրախ դարձուց Իլիթ բնակեցման վայրի թիւ 91 դիրքը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:
Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծած է իսրայէլեան Պըրքեթ Ռիշա դիրքը` պատճառելով վիրաւորներ:
Կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին Դիմադրութեան մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Սըմմաքա դիրքը` արձանագրելով ուղղակի թիրախներ:
Կէս ժամ ետք, Հըզպալլայի մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Մարժ դիրքը:
Յետմիջօրէի ժամը 4:25-ին, Դիմադրութեան մարտիկները թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Ռամիմ դիրքին մօտակայքը գտնուող աշտարակներուն վրայ զետեղուած գաղտնալսումի սարքերը:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ հաստատեց, որ Իսրայէլ պէտք է Կազայի պատերազմը կասեցնէ, որպէսզի Լիբանանի մէջ պատերազմը վերջ գտնէ:
Իր կարգին, Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ հաստատեց, որ արաբները թշնամի Իսրայէլը վերածեցին դաշնակիցի, իսկ քոյր Իրանը` թշնամիի:
Հըզպալլայի մարտիկներէն Ժիհատ Մուսա Շիթ, Մուսա Հասան Շիթ, Հիւսէյն Ահմետ Եհիա եւ Ալի Համզա միացան «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին:
Ֆրանսայի Պաշտպանութեան Նախարարը
Կ՛այցելէ Հարաւային Լիբանան
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Սեպասթիեն Լը Քորնիւ այցելեց հարաւային Լիբանանի Տէյր Քիֆայի խարիսխ, ուր կը գտնուի ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող ֆրանսացի զինուորներուն զօրանոցը:
Նախքան Նոր տարուան ընթրիքը, Լը Քորնիւ հանդիպում մը ունեցաւ 700 զինուորներուն հետ` հաստատելով, որ այդ առաքելութիւնը շատ վտանգաւոր կրնայ դառնալ: «Յառաջիկայ օրերուն եւ շաբաթներուն ընթացքին ձեր ուղին կրնայ փշոտ ըլլալ` Միջին Արեւելքի մէջ տիրող անկայուն իրավիճակին պատճառով», ըսաւ ան:
Նշենք, որ Լը Քորնիւ երէկ այցելեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի:
Ֆրանսացի պաշտօնատարը բարձր գնահատեց բանակին դերակատարութիւնը` ընդգծելով, որ Ֆրանսա պիտի շարունակէ օժանդակել լիբանանեան բանակին, յատկապէս` բժշկական առումով:


