ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան ընդունեց երեսփոխան Ապտել Ռահման Պըզրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Պըզրի յայտնեց, որ Լիբանան դժուար եւ զգայուն պայմաններ կը դիմագրաւէ` ցաւ յայտնելով, որ բոլորը Լիբանանին խորհուրդ կու տան, մինչդեռ ոչ ոք Իսրայէլը յանցաւոր կը նկատէ եւ անոր վրայ ճնշում կը բանեցնէ:
ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը կիրակի օրուան Ս. պատարագին ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ հարց տուաւ, թէ արդեօք խորհրդարանը տեղեա՞կ է, թէ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան առումով իր արձանագրած բացթողումին պատճառով լիբանանցի քաղաքացին յաւելեալ յուսախաբութեան կը մատնուի, արտագաղթի ալիքը կը մեծնայ եւ երկրին քայքայումը կը շարունակուի:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատա յայտնեց, որ մշակոյթի նախարարութեան գրասենեակը փոխադրած է Թրիփոլի, որ արժանի է մայրաքաղաք Պէյրութի վարուելակերպին արժանանալու:
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչի գործակատար Ուասիմ Մանսուրի յայտնեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դրամատուներուն եւ Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան, ինչպէս նաեւ լիբանանեան մնացեալ դրամատուներուն միջեւ յարաբերութիւնները կայուն են եւ ոչ մէկ փոփոխութեան կամ բարեփոխումի ենթարկուած են:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ եթէ թշնամի Իսրայէլ կը փափաքի Լիբանանի դէմ պատերազմ սանձազերծել, պէտք է իմանայ, որ անիկա այն պատերազմն է, որուն պարագային Հըզպալլա մինչեւ իր վերջին շունչը պիտի կռուի:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ Մուխթարայի պալատին մէջ ժողովրդային պատուիրակութիւններ ընդունելու ընթացքին յոյս յայտնեց, որ Լիբանան զերծ կը կացուցուի պատերազմներէն եւ անոնց հետեւանքներէն:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա ընդգծեց, որ ժամանակն է արդէն Լիբանանի մէջ նոր նուազագոյն աշխատավարձ ճշդելու` բարելաւելու համար սեփական մարզի պաշտօնեաներուն եւ աշխատաւորներուն իրավիճակը:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ Պնաշհիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, շրջանային զարգացումներն ու յատկապէս հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ արձանագրուած ռազմական մագլցումները:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ հոգեւոր խորհուրդի նախագահ շէյխ Մոհամետ Եազպեք յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը գոյութենական պայքար կը մղէ` աւելցնելով, որ անիկա նաեւ արժանապատուութիւնը պահպանելու պայքար է: Շէյխ Եազպեք շեշտեց, որ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն դէմ գործուած յարձակումը անկարելի է անպատասխան ձգել:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին շեշտեց, որ Մայրուն ռազմակայանը ռմբակոծումի թիրախ դարձնելը համազօր է թշնամի Իսրայէլի օդուժը թիրախ դարձնելուն, «այսինքն` Դիմադրութիւնը թիրախ դարձուցած է օդուժի այն համակարգը, որ յարձակում գործած է Հարաւային արուարձաններուն վրայ», ըսաւ ան:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ Կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ կան արաբական երկիրներ, որոնք կը քաջալերեն Իսրայէլը շարունակելու իր մագլցումները` Դիմադրութիւնը ոչնչացնելու նպատակով:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ընկերային ցանցերու վրայ կատարած իր գրառումին ընդմէջէն ակնարկեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի Միջին Արեւելք այցելութեան` նկատել տալով, որ եթէ Պլինքընի կատարած շրջապտոյտին նպատակը զինուորական մագլցումները արգիլել է, ապա անոր այցելելիք առաջին երկիրը պէտք էր ըլլար Լիբանանը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի մայրը` Հուտա Իպրահիմ Մախլութա մահացաւ: Թաղման արարողութեան նախագահեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքի ներկայացուցիչ, Անթուան Աուքար եպիսկոպոս: Զօր. Աունին ցաւակցութիւն յայտնեցին մեծ թիւով պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին` հանրապետութեան նախկին նախագահներ Ամին Ժեմայէլ եւ զօր. Միշել Աուն, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ներկայացուցիչ Ուաֆիք Սաֆա, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ ուրիշներ: