Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Հալապիի Հետ Քննարկեց Կրթական Հարցեր

January 22, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին ընդունեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս կրթական մարզին վերաբերող հարցերը:

Քննարկուեցան նաեւ կրթական տարեշրջանի ապագան եւ հարաւային Լիբանանի դէմ գործուող իսրայէլեան բռնարարքներուն հետեւանքները` կրթական տարեշրջանին վրայ:

Հանդիպումէն ետք Հալապի յայտնեց, որ պատրաստակամութիւն յայտնած է վաղը` երեքշաբթի, 23 յունուարին այցելելու հարաւային Լիբանան եւ ստուգելու սահմանամերձ շրջանին մէջ տիրող կրթական իրավիճակը` հանդիպումներ ունենալով այդ շրջաններու դպրոցներու տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն հետ:

Հալապի նշեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է նաեւ կրթութեան նախարարութեան տրուելիք պիւտճէն, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան համալսարանին վերաբերող հարցեր:

Պետական քննութիւններ կատարելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Հալապի յայտնեց, որ այդ իմաստով տակաւին որոշում չէ տրուած` աւելցնելով, որ նախարարութիւնը կը սերտէ եւ կը բարեփոխէ կրթական բոլոր ծրագիրները, ինչպէս նաեւ լրջօրէն կ՛աշխատի նորութիւններ որդեգրելու այդ առումով: «Սակայն ցարդ ոչինչ յստակ է եւ տակաւին շատ կանուխ է խօսիլ այդ մասին», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով սեփական դպրոցներու ուսուցիչներուն գործադրելիք դասադուլին` Հալապի ըսաւ. «Յոյսով եմ, որ անցեալ շաբաթ գոյացած համաձայնութիւնը այսօր կը ստորագրուի եւ դասադուլ չ՛ըլլար»:

ՆՇԵՆՔ, որ սեփական դպրոցներու մէջ դասաւանդող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած էր, թէ սեփական դպրոցներուն մէջ բաց գործադուլ պիտի սկսի երեքշաբթի, 23 յունուարէն սկսեալ, եթէ Հալապիի հովանաւորութեամբ գոյացած համաձայնութիւնը չստորագրուի:

Նախորդը

Ժոմպլաթ. «Հանրապետութեան Նախագահ Ընտրելու Ցուցանիշներ Չկան»

Յաջորդը

«Համաձայնութիւնը Կամայ Թէ Ակամայ Պիտի Գոյանայ, Եւ Կան Բազմաթիւ Հարցեր, Որոնք Արմատական Լուծման Կարիք Ունին» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.