Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ շաբաթավերջին այցելեց Ալէյի մէջ երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպի բնակարանը:
Նոյն վայրին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ալէյի հեղինակութիւններուն հետ:
Այս առիթով Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Կազայի մէջ սանձազերծուած պատերազմը, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները պիտի շարունակուին` աւելցնելով, որ անոնք կրնան տարիէ մը աւելի երկար տեւել:
«Այն խօսքերը, թէ պատերազմը վերջ պիտի գտնէ եւ պաղեստինեան պետութիւն մը պիտի հիմնուի, ապարդիւն են, որովհետեւ նման քայլ կարելի չէ մետասաներորդ պահուն առնել, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահն ու արտաքին գործոց նախարարը յանկարծ յիշեն Պաղեստինեան պետութեան մասին», ըսաւ ան:
Ժոմպլաթ հաստատեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ հայրենիքի կարգ մը նուիրեալներուն հետ կը փորձեն Լիբանանը հեռու պահել լայնածաւալ պատերազմէ:
Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ արդէն իսկ կան բռնագրաւուած հողեր, որոնց պատկանելիութեան շուրջ վէճ գոյութիւն ունի` աւելցնելով, որ այս իմաստով Միացեալ Նահանգներու նախագահի աւագ խորհրդական Էյմըս Հոքշթայնի առաքելութիւնը ձախողած է:
«Ճիշդ է, որ պատերազմին օղակը սեղմ պահելու ճիգերը կը շարունակենք, սակայն չիմանալով իսրայէլեան մտքին արկածախնդրութեան աստիճանը, ապա կը հաստատենք, որ եթէ 2006-ի նման պատերազմի դէմ յանդիման գտնուինք, ապա Լեռնալիբանանը բաց կը յայտարարենք հարաւային Լիբանանի ժողովուրդը հիւրընկալելու», շեշտեց ան:
Ներքին լիբանանեան առումով, Ժոմպլաթ հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ ընտրելու ցուցանիշներ չկան` մաղթելով, որ մօտիկ ապագային կարելի ըլլայ լիբանանեան բանակի սպայակոյտի պետ նշանակել:
Թէյմուր Ժոմպլաթ Կոչ Կ՛ուղղէ Վաւերացնելու
Մեղմացուած Տուրքերով Պետական Ամավարկ Մը
Իր կարգին, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ, Մուխթարայի պալատին մէջ ժողովրդային պատուիրակութիւններուն հետ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին շեշտեց, որ հանդիպումները պիտի շարունակէ քաղաքական բոլոր ուժերուն եւ հոգեւոր հեղինակութիւններուն հետ` ամրապնդելու համար երկխօսութիւնը եւ յանգելու համար մերձեցման յարմար հարթակի մը ստեղծման: Ժոմպլաթ նշեց, որ պէտք է միացեալ պատուհաններ փնտռել եւ հայրենիքը դուրս բերել իր հաստատութենական անդամալուծութեան վիճակէն` նկատի ունենալով, որ այդ պատճառով է, որ Լիբանան կորսնցուցած է իր դիմադրողականութիւնը եւ կը գտնուի հսկայական վտանգներու դիմաց:
Ժոմպլաթ հաստատեց լիբանանեան ներքին թղթածրարները սերտելու անհրաժեշտութիւնը եւ առաջնահերթութիւնը` ընդգծելով անոնց նկատմամբ միացեալ կեցուածքներ գոյացնելու կարեւորութիւնը` առանց արտաքին նախաձեռնութիւններու սպասելու:
Ժոմպլաթ նշեց, որ օրէնսդրական առումով պիտի մասնակցին 2024-ի պետական ամավարկի նախագիծի քննարկման նիստերուն` նկատել տալով, որ այդ ամավարկը պէտք է նկատի ունենայ քաղաքացիներու ուսերուն պարտադրուած տնտեսական ճնշումները:
Այս շրջագիծին մէջ Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց վաւերացնելու մեղմացուած տուրքերով պետական ամավարկ մը:


