Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիւ Եորքի Մէջ. Պու Հապիպ Հանդիպումներ Ունեցաւ Լաւրովի Եւ Ապտոլլահեանի Հետ

Յունուար 24, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ Նիւ Եորքի մէջ ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ, ինչպէս նաեւ Նիւ Եորքի արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդին մէջ ներկայացուց զեկուցում մը, որուն մէջ անդրադարձաւ հարաւային Լիբանանի մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը վերահաստատելու Լիբանանի զօրակցական տեսակէտին:

Պու Հապիպ նշեց, որ անիկա կարելի է յաջողցնել լիբանանեան բռնագրաւուած հողերէն իսրայէլեան ուժերուն հեռացումով եւ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն կասեցումով:

Պու Հապիպ ակնարկեց նաեւ Պաղեստինեան դատը լուծելու արաբական փափաքին` շեշտելով, որ անիկա պէտք է կատարուի արդար եւ ամբողջական խաղաղութիւն հաստատելու ընդմէջէն, որ կարելի պիտի ըլլայ իրագործել զոյգ պետութիւններու հիմնադրութեամբ: «Այլ խօսքով` 2002-ի Պէյրութի Արաբական վեհաժողովէն բխած Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութեան իրագործումով, որպէսզի շրջանին մէջ խաղաղութեան ծրագիրը յաղթանակ արձանագրէ», ըսաւ ան:

Պու Հապիպ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:

Լաւրով շնորհակալութիւն յայտնեց Պու Հապիպին Ուքրանիոյ տագնապին իմաստով Լիբանանի ցուցաբերած հաւասարակշռուած կեցուածքին համար:

Պու Հապիպ եւ Լաւրով համաձայն գտնուեցան, որ տագնապներու ընթացքին պէտք է յարգել մարդկային իրաւունքները, ինչպէս նաեւ քննարկեցին այն սադրանքները, որոնք կը գործուին Լիբանանի դէմ` ներքաշուելու համար պատերազմին մէջ:

Լաւրով եւ Պու Հապիպ հաստատեցին պաղեստինեան միասնականութեան կարեւորութիւնը` պաղեստինեան անկախ պետութիւն մը հիմնել կարենալու համար:

Պու Հապիպ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանի հետ: Անոնք ընդգծեցին պատերազմը կասեցնելու կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ պատերազմը շարունակելը շատ վտանգաւոր պիտի ըլլայ Միջին Արեւելքի համար:

Ապտոլլահեան Պու Հապիպին ներկայացուց պատերազմը կասեցնելու նպատակով Իրանի կատարած քաղաքական հաղորդակցութիւններն ու նախաձեռնութիւնները:

Պու Հապիպ հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Ալճերիոյ եւ Ինտոնեզիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Ահմետ Աթթաֆի եւ Ռեթնօ Մարսուտիի հետ:

Նախորդը

Դեսպան Աթաբէկեան Միքաթիի Հետ Քննարկեց Շարք Մը Հարցեր

Յաջորդը

Միքաթի Կ՛ընդգծէ Պաշտօնավարութիւնը Շարունակելու Իր Պատրաստակամութիւնը, Իսկ Սէուտցի Եւ Եգիպտացի Դեսպանները Կ՛այցելեն Պըրրիի

RelatedPosts

Աուն Եւ Սալամ Քննարկեցին Ռաուշէի Դէպքը
Գլխաւոր լուրեր

Աուն Եւ Սալամ Քննարկեցին Ռաուշէի Դէպքը

Հոկտեմբեր 1, 2025
Լիբանան Կ՛ողջունէ Թրամփի Ծրագիրը
Լիբանանեան

Լիբանան Կ՛ողջունէ Թրամփի Ծրագիրը

Հոկտեմբեր 1, 2025
Խորհրդարանը Օրինաթիւի Չգոյութեան  Պատճառով Չկրցաւ Իր Ժողովը Գումարել
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Օրինաթիւի Չգոյութեան Պատճառով Չկրցաւ Իր Ժողովը Գումարել

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?