Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Խոսէ Մանուէլ Ալպարեսը` ներկայութեամբ արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Հանի Շմայթլիի, ինչպէս նաեւ իր խորհրդականներուն` Նիքոլա Նահհասի եւ Պութրոս Ասաքերի:
Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խեսուս Իկնասիօ Սանթոս Ակուատոն, ինչպէս նաեւ Ալպարեսին ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութիւնը:
Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնեց Սպանիոյ` միշտ Լիբանանին զօրակցելու առումով, ինչպէս նաեւ դրուատեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող սպանական ջոկատին եւ յատկապէս ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատար զօր. Արոլտօ Լասարոյի դերակատարութիւնը:
Միքաթի նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Սպանիոյ կառավարութեան` Լիբանանը նկատի ունենալու առաջնահերթ գործակցութեան սպանական գործակալութեան ցանկին վրայ, ինչպէս նաեւ նոյն գործակալութեան կողմէ իրականացուած բարգաւաճման ծրագիրներուն մէջ:
Ալպարես յայտնեց, որ Միքաթիի հետ քննարկած է տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները` աւելցնելով, որ Լիբանան կատարած իր այս այցելութիւնը ընդառաջում է` Միքաթիի կողմէ ուղղուած հրաւէրին, Տաւոսի խորհրդաժողովէն ետք:
Ալպարես նկատել տուաւ, որ ինք պիտի կատարէ նաեւ միջինարեւելեան շրջապտոյտ մը` աւելցնելով, որ Սպանիա կը գործէ ի խնդիր Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի կայունութեան:
Ան նշեց նաեւ, որ Սպանիոյ համար Իսրայէլեան եւ Պաղեստինեան պետութիւններուն հիմնումը ընդունելի է իբրեւ Պաղեստինեան դատի լուծում` վերջ տալու համար պաղեստինցի ժողովուրդին, յատկապէս կիներուն եւ երեխաներուն տառապանքին:
Ալպարես նշեց, որ Սպանիա կոչ ուղղած է խաղաղութեան միջազգային խորհրդաժողով մը գումարելու, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղած է անմիջական եւ մնայուն զինադուլ յայտարարելու` միաժամանակ պահանջելով բոլոր պատանդներուն ազատ արձակումը, առանց նախապայմանի:


