Արտաքին գործերու եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ֆատի Ալամէ խորհրդարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Մարիա Հաժի Թիոտոսիուն, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը:
Ալամէ յայտնեց, որ Թիոտոսիուին ներկայացուցած է յանձնախումբին կատարած աշխատանքներուն մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ անոր յայտնած փետրուար ամսուան ընթացքին Եւրոպական խորհրդարան այցելութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Ան ընդգծեց, որ առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարն ու այդ պատճառով Լիբանանի դիմագրաւած հետեւանքները լուծելու անհրաժեշտութիւնը:
Թիոտոսիու հաստատեց, որ Կիպրոս կը զօրակցի Լիբանանին` աւելցնելով, որ լիբանանեան-կիպրական համագործակցութիւնը մնայուն է, մասնաւորաբար ապօրինի գաղթականներ փոխադրող նաւերուն առումով:
Ան փափաք յայտնեց, որ Պրիւքսել մեկնող խորհրդարանական յանձնախումբի անդամները հանդիպում մը ունենան Եւրոպական խորհրդարանի կիպրացի անդամներուն հետ, որպէսզի երկու կողմերը միասնաբար աշխուժացնեն աշխատանքային ծրագիրները` նկատի ունենալով, որ այս թղթածրարը կը հետաքրքրէ երկու երկիրները:


