Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նախագահական Ընտրութեան Հարցը Կարելի Չէ Լուծել` Բացի Ներքին Համախոհութեամբ Եւ Արտաքին Որոշումով» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Ապրիլ 10, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Սփութնիք» ռատիոկայանին հետ կատարած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան հարցը մօտիկ ապագային պիտի չլուծուի, հակառակ միջազգային ջանքերուն:

Ան հաստատեց, որ Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի դէմ պատերազմը ինքզինք պարտադրած է անհրաժեշտ նկատուող մնացեալ բոլոր հարցերուն վրայ:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Լիբանան Իսրայէլի դէմ պատերազմի մէջ է, եւ պայմանները անյարմար են նախագահական ընտրութիւն կատարելու:

«Նախագահական ընտրութեան թղթածրարը հետապնդող Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակը` Եգիպտոս, Սէուտական Արաբիա, Քաթար, Ֆրանսա եւ Միացեալ Նահանգներ, չի յաջողիր այդ հարցը անջատել հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուող մագլցումներէն: Տակաւին կայ այլ իրականութիւն մը, որ Ուաշինկթընի եւ Փարիզի մօտեցումներուն պարագային տարակարծութիւն գոյութիւն ունի: Նախագահական ընտրութեան հարցը կարելի չէ լուծել` բացի ներքին համախոհութեամբ եւ արտաքին որոշումով», հաստատեց ան` աւելցնելով, որ Լիբանանի քաղաքական անձնաւորութիւնները տասնեակ տարիներու ընթացքին ձախողեցան հանրապետութեան նախագահ ընտրել, առանց նախագահին շուրջ ներքին համախոհութիւն գոյացնելու եւ անոր անձին մասին արտաքին համաձայնութիւն ապահովելու:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի երկխօսութեան եւ բանակցութիւններու կոչը կարելի չեղաւ որեւէ ձեւով իրականութեան վերածել` լիբանանեան քաղաքական որոշ ուժերու մերժումին պատճառով:

Ան ընդգծեց ազգային միասնականութեան կառչած մնալու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով, որ ազգային միասնականութիւնը լիբանանեան սահմանադրութեան հիմնասիւներէն է:

Անդրադառնալով հանրապետութեան նախագահի յատկանիշներուն` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ անիկա կը նշանակէ դպչիլ Թաէֆի համաձայնագիրին բովանդակած կէտերուն, «համաձայնագիր մը, որ 1989-ին կրցաւ զինադուլ հաստատել լիբանանեան տարբեր ուժերուն միջեւ եւ կասեցնել 15 տարուան պատերազմ մը», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի կոչ ուղղեց լիբանանեան ղեկավարութիւններուն միջեւ խորհրդակցութիւն կատարելու եւ տալու միացեալ որոշում մը` ուղղուելու խորհրդարան եւ ընտրելու հանրապետութեան նախագահը: «Հանրապետութեան նախագահին զօրութիւնը կը ճշդուի բարեկարգումի քաղաքականութիւններուն նկատմամբ իր յանձնառութեամբ եւ այլ իշխանութիւններուն, ինչպէս` օրէնսդրական եւ դատական, հետ անոր գործակցութեան եղանակով», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ շիի երկեակին նախագահական թեկնածուն` Սլէյման Ֆրենժիէ ունի հանրապետութեան նախագահ ընտրուելու յատկանիշները: «Ֆրենժիէ բարեկամ է, եղբայր եւ ազգային ղեկավար մը, որ Լիբանանի բոլոր քրիստոնեաները կը ներկայացնէ», հաստատեց ան` աւելցնելով, որ երբ ընտրութեան ճիշդ պահը հնչէ, պլոքն ու ՀՅԴ-ն համապատասխան կեցուածքը կը յայտարարեն:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը Լիբանանի ամէնէն հին կուսակցութիւններէն է` ընդգծելով, որ ՀՅԴ-ն իր դաշնակիցներուն չի դաւաճաներ, եւ անոր կեցուածքները ազգային են: «ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը խուսափի մագլցումներէն եւ տագնապներէն, որովհետեւ անոր անդամները լաւ գիտեն հայրենիք կորսնցնելու իմաստը», նշեց ան:

Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ Իսրայէլի կողմէ Դամասկոսի մէջ իրանեան հիւպատոսութիւնը ռմբակոծելը նոր Աշխարհամարտ յայտարարելու համազօր է, որովհետեւ իսրայէլեան բանակը իր այդ բռնարարքով ոտնձգութիւն գործած է Սուրիոյ եւ Իրանի գերիշխանութիւններուն դէմ: «Իսկ Իսրայէլ 7 հոկտեմբեր 2023-էն ի վեր կը փափաքի շրջանը ներքաշել ընդարձակ պատերազմի մը մէջ` փախուստ տալու համար Կազայի մէջ գործած իր ոճիրներէն», աւելցուց ան:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ Իրանի հիւպատոսարանը ռմբակոծելու գործողութիւնը կարելի չէր կատարել, առանց Միացեալ Նահանգներու տեղեկութեան, որովհետեւ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնները նախապէս տեղեակ կ՛ըլլան շրջանին մէջ Իսրայէլի կատարելիք բոլոր գործողութիւններէն:

«Իրան փոքր երկիր մը կամ զինեալ փաղանգ մը չէ, այլ` մեծ պետութիւն մը, որ աշխարհի մէջ ունի իր կշիռն ու զինուորական ուժը, ինչպէս նաեւ հիմնական դերակատարութիւն ունի միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ: Իրանի պատասխանը պիտի արձանագրուի ճիշդ պայմաններուն մէջ եւ յարմար ձեւով», յայտնեց ան:

Յ. Բագրատունի յոյս յայտնեց, որ Իրանի պատասխանը ըլլայ փոքր, որովհետեւ աշխարհը այսօր կ՛ապրի զսպուած Աշխարհամարտ մը:

«Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, Միացեալ Նահանգներ տիրեցին աշխարհին եւ փոքր ժողովուրդներուն բարոյական արժէքները հարուածեցին, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով երկիրներու գերիշխանութիւններուն դէմ ոտնձգութիւններ գործեցին, զինուելով`  մարդկային իրաւունքներուն եւ ազգային ինքնորոշման իրաւունքի կարգախօսներով: Ուաշինկթընի մերժումը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի բազմաբեւեռութեան կոչին հեղձուցիչ տագնապ մըն է, որ իր ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ բոլոր երկիրներու ժողովուրդներուն վրայ», յայտնեց Յ. Բագրատունի:

Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ամերիկեան վարչակազմը կը փորձէ Եւրոպայի եւ Ասիոյ ցամաքամասերուն եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ տագնապներ ստեղծել եւ երկիրները պարպել իրենց իրաւունքներէն, որպէսզի պահպանէ տոլարի արժէքը, իր տնտեսութիւնը, նաւթն ու կազը:

«Միացեալ Նահանգներ կը շահագործեն Եւրոպան եւ տնտեսապէս կը քանդեն զայն` Ուքրանիոյ մէջ իրենց բռնկեցուցած պատերազմով: Իսկ Ռուսիա կրցաւ շարունակել զինուորական իր գործողութիւնները եւ յաղթանակներ արձանագրեց, հակառակ դժուարութեանց եւ տագնապներուն», ընդգծեց ան:

Կազայի դէմ պատերազմին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի զգուշացուց աշխարհը մարդասիրական զինադուլով, պատանդներու փոխանակումով եւ դիւանագիտական ջանքերով զբաղեցնելու քայլերէն:

Ան յայտնեց, որ Իսրայէլ կ՛ահաբեկէ պաղեստինցի պատանդները` զանոնք ազատ արձակելէ ետք, հետեւաբար Դիմադրութենէ բացի, պաղեստինցի ժողովուրդին դիմաց ոչ մէկ լուծում կայ:

«Արաբական եւ եւրոպական երկիրները ձեռնածալ կը մնան եւ կը մերժեն ճանչնալ, թէ Կազայի մէջ պատահածը հաւաքական ցեղասպանութիւն է եւ ցեղային զտում: Այնպէս ինչպէս չըմբռնեցին կամ չուզեցին ըմբռնել Արցախի դէմ պատահածը: Իսկ երկու պետութիւններ հիմնելու լուծումին մասին բոլոր խօսքերը սուտ են, որովհետեւ Իսրայէլ կը մերժէ այդ իմաստով բանակցութիւնները եւ կը շարունակէ բռնագաղթի ենթարկել պաղեստինցի ժողովուրդը` տիրանալով անոր հողերուն», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:

Նախորդը

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Կը Դատապարտէ Փասքալ Սլէյմանի Սպանութիւնը

Յաջորդը

Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութիւն. «Փասքալ Սլէյմանի Սպանութիւնը Քաղաքական Ոճիր Է, Մինչեւ Հակառակը Փաստուի»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 13, 2025
Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?