Կիրակի, 7 ապրիլ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ժիպէյլի Խարիպա գիւղաքաղաքին մէջ անծանօթներ առեւանգեցին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան Ժիպէյլի պատասխանատու Փասքալ Սլէյմանը:
Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ գրաւած է ինքնաշարժ մը, որ զինեալներուն կողմէ օգտագործուած է առեւանգելու համար Սլէյմանը, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ ձերբակալած է վեց սուրիացիներ, որոնք մեղսակցած են առեւանգումին:
Բանակի հաղորդագրութիւնը ընդգծեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի ճշդելու համար առեւանգուած պատասխանատուին գտնուած վայրը:
Աւելի ուշ երկրորդ հաղորդագրութեամբ մը բանակի հրամանատարութիւնը ընդգծեց, որ ձերբակալած է յաւելեալ երեք սուրիացիներ, որոնք մեղսակցած են Սլէյմանը առեւանգելու գործողութեան:
Երեկոյեան ժամը 9:00-ին բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց երրորդ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ մեծամասնութիւնը Փասքալ Սլէյմանը առեւանգողներուն, որոնք սուրիացիներ են, ձերբակալուած են, եւ ձերբակալեալներուն վկայութիւններէն յայտնի դարձած է, որ Սլէյման առեւանգումի ընթացքին սպաննուած է: Բանակը աշխատանք կը տանի ստանձնելու Սլէյմանի դիակը Սուրիայէն:
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի իր կարգին հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան եւ ապահովական կառոյցներու պետերուն հետ` թելադրելով ճիգ չխնայել առեւանգուած Փասքալ Սլէյմանը ազատ արձակելու եւ առեւանգումի գործողութեան մանրամասնութիւնները բացայայտելու:
Միւս կողմէ, անծանօթ աղբիւրներու համաձայն, ձերբակալեալներուն վկայութիւնները հաստատած են, որ Փասքալ Սլէյման առողջ վիճակի մէջ է:
Նոյն աղբիւրները շեշտեցին, որ Սլէյման առեւանգուած է աւազակախումբի մը կողմէ` նիւթական հարցի պատճառով եւ ոչ թէ քաղաքական:
Ըստ նոյն աղբիւրներուն, ան փոխադրուած է Սուրիա, իսկ լիբանանեան-սուրիական ապահովական մակարդակի վրայ մեծ ջանքեր ի գործ կը դրուին` զայն ազատ արձակելու համար:
Նշենք, որ կիրակի գիշերուան ուշ ժամերէն մինչեւ երէկ գիշեր Ժիպէյլի մայրուղին երկու ուղղութեամբ փակ մնաց:
Լիբանանեան ուժեր, Փաղանգաւոր, Ազգային ազատ հոսանք, Ազգային ազատականներու կուսակցութիւններու անդամ եւ համակիր երիտասարդները փակ պահեցին մայրուղին` բողոքելով Սլէյմանի առեւանգումին դէմ եւ պահանջելով անոր ազատ արձակումը:
Գործող մնաց միայն դէպի Ժիպէյլ տանող ծովային ճամբան:
Ժիպէյլի շուկան, զբօսաշրջութեան վայրերն ու կրթական հաստատութիւնները երէկ մնացին փակ` ընդառաջելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան կոչին:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ կիրակիէն երկուշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին այցելեց Մասթիթայի Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան կեդրոնը` հետեւելու համար Փասքալ Սլէյմանի առեւանգումին մանրամասնութիւններուն:
Իր կարգին, Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ յայտնեց, որ ցարդ ոչինչ կայ յստակ Սլէյմանի իրավիճակին մասին` աւելցնելով, որ ապահովութեան ուժերն ու բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնեն` բացայայտելու համար Սլէյմանի ճակատագիրը:


