Իսրայէլեան բանակը շաբաթավերջին բուռն կերպով ռմբակոծեց հարաւային Լիբանանն ու Պեքաան` պատճառելով մարդկային եւ նիւթական վնասներ:
Իսրայէլեան բանակը շաբաթավերջին ռմբակոծեց Մէյս էլ Ժապալ, Այթա Շաապ, Ռըմէյշ, Արնուն, Շքիֆ բերդ, Թէյր Հարֆա, Լապպունէ, Համուլի հովիտ, Մերժահիուն, Եարին, Ժըպպայն, Շեպաա, Ռաշայա Ֆըխխար, Ատայսէ, Թիպէ, Պեքաա, Պաալպեք, Շաարա, Սաֆարի, Պարղազ հովիտ, Հասպայա, Հուլա, Տալաֆա հովիտ, Ժեզզին եւ Քֆարքիլա գիւղաքաղաքները:
Մէյս էլ Ժապալի մէջ շաբաթ առաւօտեան քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը փլատակներուն տակէն դուրս բերին երկու քաղաքայիններու դիակներ:
Միւս կողմէ, Դիմադրութեան մարտիկները շաբաթ գիշեր վար առին լիբանանեան հողերուն վերեւ թռիչք գործող «Հերմեզ 900» տիպի անօդաչու թռչող սարք մը:
Իսրայէլեան բանակի պաշտօնական բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտնեց, որ իրենք թիրախ դարձուցած են Պաալպեքի մէջ գտնուող Հըզպալլայի երեք ենթակառոյցներ` իբրեւ պատասխան Լիբանանի վերեւ թռիչք գործող իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը վար առնելու գործողութեան:
Դիմադրութեան մարտիկները հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Ռամիմ դիրքը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:
Դիմադրութիւնը «Պուրքան» տիպի հրթիռով մը ռմբակոծեց իսրայէլեան Մալիքիէ դիրքը, ուր կը գտնուէին լրտեսական սարքեր:
Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն, Դիմադրութիւնը «Պուրքան» տիպի հրթիռներով ռմբակոծեց իսրայէլեան Ժալ Օլամ դիրքն ու Շլոմի բնակեցման վայրը եւ ուղղակի հարուածներ արձանագրեց հոն համախմբուած իսրայէլացի զինուորներուն դէմ:
Հըզպալլայի մարտիկները թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Շթուլա զօրանոցը եւ ուղղակի հարուածներ հասցուցին հոն համախմբուած իսրայէլացի զինուորներուն:
Դիմադրութեան մարտիկները հակահրասայլային հրթիռներով թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Շումերա զօրանոցը եւ քանդեցին հոն գտնուող լրտեսական սարքերը:
Հըզպալլայի մարտիկները «Քաթիուշա» տիպի հրթիռներով ուղղակի հարուածներ հասցուցին իսրայէլեան Զաաուրա եւ Ռուէյսեթ Ալամ դիրքերուն ու թիրախ դարձուցին հոն գտնուող իսրայէլացի զինուորները, ինչպէս նաեւ «Պուրքան» տիպի հրթիռով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Զըպտին զօրանոցը:
Դիմադրութեան մարտիկները անօդաչու թռչող սարքով մը թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Ասի դիրքին վրայ գտնուող անօդաչու թռչող սարքերը բացայայտող գործիքները:
Հըզպալլայի մարտիկները «Պուրքան» տիպի հրթիռով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Ժըրտահ զինուորական դիրքը եւ արձանագրեցին ուղղակի հարուածներ:
Դիմադրութիւնը «Քաթիուշա» տիպի տասնեակ հրթիռներով ռմբակոծեց իսրայէլեան Եոաւ դիրքն ու Քայլաա զօրանոցը:
Դիմադրութեան մարտիկները հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Մանարա դիրքը, իսկ անօդաչու թռչող սարքով մը թիրախ դարձուցին Սըմմեքա դիրքին վրայ գտնուող իսրայէլացի զինուորներու խմբաւորում մը:
Հըզպալլայի մարտիկներէն Ապպաս Տիպ Տաայպես եւ Ահմետ Ալի Համատ միացան «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին:


