Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Ապրիլ 5, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա` ընդառաջելով Սէուտական Արաբիոյ թագաւորական ընտանիքի հրաւէրին:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ Ուասիմ Մանսուրին, որուն հետ քննարկեց ելեւմտական եւ տնտեսական իրադարձութիւնները:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ հանդիպում մը ունեցաւ զբօսաշրջութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Փիեռ Աշքարի հետ, որուն հետ քննարկեց զբօսաշրջութեան մարզը եւ յատկապէս պանդոկներու մարզը յուզող հարցերը: Հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ մեկնարկը կատարել տնտեսական բարգաւաճման աշխատանիստի մը, որուն նպատակն է բարգաւաճեցնել զբօսաշրջական մարզը:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար յայտնեց, որ կայ միջազգային հովանաւորութիւն` լիբանանցիները սուրիացիներով փոխանակելու: Հաժժար ընդգծեց նաեւ, որ Լիբանան չի կրնար ծառայել իբրեւ մարտկոց` աւելցնելով, որ Լիբանանը Կազայի ճակատագիրին հետ կապելը օգտակար չէ:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան շէյխ Սէուտ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-քաթարեան յարաբերութիւններն ու երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ Եարզէի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու հարաւային Լիբանանի զարգացումները:

Սլիմի այցելեց նաեւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ. Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող հարցերը: Սլիմի այցելեց նաեւ երեսփոխան Ղատա Այյուպ:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործերու եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու երեսփոխանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ֆատի Ալամէ ընդունեց Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Տիսինիա Քոլուփուլոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ նախագահեց կուսակցութեան քաղաքական գրասենեակի նիստին, որմէ ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը զգուշացնէ Պէյրութը ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ամպիոնի վերածելէ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխաններ Սելիմ Սայեղ եւ Էլիաս Հանքաշ կառավարութեան հարց տուին օրէնքները խախտելու մասին, յատկապէս երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնութեան պարագային նշանակումներ կատարելու առումով: Սայեղ եւ Հանքաշ գրաւոր պատասխան պահանջեցին կառավարութենէն այս մասին:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Իզզէտտին յայտնեց, որ Դիմադրութեան պարտականութիւնն է Լիբանանի արժանապատուութիւնը պաշտպանել:

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ գործող ապահովութեան կեդրոնական խորհուրդը գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին որդեգրուեցան այնպիսի քայլեր, որոնք կը միտին տօնական օրերուն ընթացքին Թրիփոլիի մէջ խստացնել ապահովական միջոցառումները:

 

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն. «Պաղեստինեան Պետութիւնը Պէտք Է Ուղղակի Բանակցութիւններու Ճամբով Ծնի Եւ Ոչ Թէ ՄԱԿ-ի Ծիրին Մէջ»

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարքը Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց  Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան  Փաստաթուղթը Չընդունինք»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?