Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Խրիսթոտուլիտես երէկ միօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանան:
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ դիմաւորեց Խրիսթոտուլիտեսն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:
Ապա վարչապետարանին մէջ Խրիսթոտուլիտես արժանացաւ արարողակարգային պաշտօնական ընդունելութեան եւ Միքաթիի հետ ունեցաւ դռնփակ հանդիպում մը, որուն յաջորդեց ընդարձակ հանդիպում` մասնակցութեամբ նախարարներուն, ապահովական կառոյցներու պետերուն եւ Կիպրոսի ու Լիբանանի դեսպաններուն:
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատարներ Ապտալլա Պու Հապիպ եւ Մորիս Սլիմ ներկայ չգտնուեցան ընդարձակ հանդիպումին, առաջինը` Յունաստան գտնուելու պատճառով:
Ընդարձակ հանդիպումին ընթացքին Խրիսթոտուլիտես եւ Միքաթի հաստատեցին Կիպրոսի եւ Լիբանանի յանձնառութիւնը` պահպանելու երկկողմանի եղբայրական եւ պատմական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ընդգծեցին, որ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն երաշխաւորելու համար երկու երկիրներուն ու Միջերկրական ծովուն ապահովութիւնը:
Խրիսթոտուլիտես եւ Միքաթի շեշտեցին սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին մնայուն լուծում մը գտնելու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով անոնց ներկայութեան ունեցած հետեւանքները զոյգ երկիրներուն վրայ:
Խորհրդակցութիւններուն հիմամբ կարելի եղաւ համաձայնութիւն գոյացնել, որ Կիպրոս Եւրոպական Միութեան մօտ ներկայացնէ նախաձեռնութիւն մը, որուն նպատակն է գործնական շրջագիծ մշակել Լիբանանի հետ, այնպէս ինչպէս է պարագան Եւրոպական Միութեան եւ Եգիպտոսի, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան եւ Թունուզի միջեւ:
Այս նախաձեռնութիւնը պիտի նկատուի քայլ մը` Լիբանանի կառավարութեան տրամադրելու յաւելեալ անհրաժեշտ օժանդակութիւն, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն տրամադրելու տունդարձ կատարելու պայմաններ:
Միքաթի յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տագնապին լուծումը հիւրընկալ երկիրներուն ու միջազգային հասարակութեան միջեւ գործակցութեան եւ միացեալ պատասխանատուութեան կարիքը ունի: «Միասին գործելով կրնանք շինիչ ազդեցութիւն ունենալ եւ տեղահանուածներու տունդարձին առնչութեամբ յոյս ներշնչել», ըսաւ ան` կոչ ուղղելով տեղահանուածներու ստեղծած տագնապի թղթածրարին արմատական լուծում ապահովել:
Իր կարգին, Խրիսթոտուլիտես յայտնեց, որ Կիպրոսի համար Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքը հասկնալի է, յատկապէս` նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ տեղահանուածներուն թղթածրարը արմատական լուծման կ՛արժանանայ անոնց տունդարձով:
Նշենք, որ վարչապետարանին մէջ երկու այլ դռնփակ հանդիպումներ կայացան նաեւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիի եւ կիպրացի անոր պաշտօնակիցին` Քոսթանթինոս Եոուանոյի միջեւ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի եւ կիպրացի անոր պաշտօնակիցին` զօր. Ճորճ Ցիցիսթասի միջեւ:
Զոյգ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի միացեալ հարցերն ու երկու երկիրներուն միջեւ ապահովական գործակցութեան հեռանկարները:
Պըրրիի Մօտ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Խրիսթոտուլիտեսը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանն ու Կիպրոսը յուզող միացեալ հարցերը:
Կիպրոսի նախագահը ճամբելէ ետք Պըրրի պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն` ընդգծելով, որ Խրիսթոտուլիտեսի հետ քննարկումները շատ լաւ եղած են:
Ան հերքեց այն իրականութիւնը, թէ կիպրական կողմէն մեղադրանք կայ Լիբանանի հասցէին` աւելցնելով. «Ընդհակառակն` կայ շինիչ գործակցութիւն»:
Պըրրի նշեց, որ Խրիսթոտուլիտեսի հետ քննարկած է նաեւ հարաւային Լիբանանի եւ Կազայի դէմ գործուող իսրայէլեան բռնարարքներն ու պաղեստինցիներուն իրավիճակը:
Նախագահական ընտրութեան թղթածրարին իմաստով արձանագրուելիք հաւանական լուծումին մասին հարցումի մը պատասխանելով Պըրրի ըսաւ. «Բարին Աստուծմէ»:
ՆՇԵՆՔ, որ Պըրրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ պատերազմական զարգացումները:
Միւս կողմէ, Պըրրի շեշտեց, որ Ֆըթրի տօնին առիթով շնորհաւորութիւններ պիտի չընդունի` տիրող պայմաններուն պատճառով: Ան յայտնեց, որ իսկական տօնը կ՛ըլլայ, երբ արաբ ազգն ու Պաղեստինը պատող սեւ մութ ամպերը հեռանան:


