Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութեան եւ անոր անդամ երկիրներուն Լիբանանի մէջ դեսպաններուն կողմէ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ երկու տարի առաջ` 7 ապրիլ 2022-ին Լիբանանի եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին միջեւ կայացաւ համաձայնութիւն մը` բարեկարգումներու ծրագիրի շուրջ:
«Ծրագիրին համաձայն, Լիբանանին 3 միլիառ տոլար պիտի տրամադրուէր` զայն ապաքինման հունին մէջ պահելու եւ անոր նկատմամբ միջազգային վստահութիւնը վերականգնելու: Դժբախտաբար սակայն այդ ուղղութեամբ արձանագրուեցաւ սահմանափակ զարգացում մը միայն: Եւրոպական Միութիւնը քաջ գիտէ այն դժուար պայմանները, զորս կը դիմագրաւէ Լիբանանը, սակայն այս կացութիւնը կրնայ փոփոխութեան ազդակ մը ըլլալ եւ պէտք է, որ այդպէս ըլլայ», հաստատուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
«Եւրոպական Միութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնն ու նոր կառավարութեան կազմութիւնը, բայց եւ այնպէս այս իմաստով արձանագրուած յապաղումը պէտք չէ պատճառ դառնայ հիմնական բարեկարգումներու գործադրութեան ուշացման, որպէսզի ելեւմտական դրութեան առումով կարելի ըլլայ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն նկատմամբ միջազգային հասարակութեան վստահութիւնը վերականգնել: 2024-ի պետական ամավարկին վաւերացումը սահմանադրական ժամկէտին շրջագիծին մէջ, դրամատնային գաղտնիութեան օրէնքի բարեկարգումն ու ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշի փոխարժէքին արձանագրած կայունութիւնը կը փաստեն, թէ լուծումները կարելի են, երբ կամքը գոյութիւն ունի», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Եւրոպական Միութիւնը ընդգծեց, որ կառուցային բարեկարգումները անհրաժեշտ են` կանխարգիլելու համար Լիբանանի` այլ տագնապներու միջամուխ դառնալուն հաւանականութիւնը:
Եւրոպական Միութիւնը կը զօրակցի Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն, որոնք կը ձգտին աւելի լաւ ապագայի մը:


