Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին առիթով ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը (ԶՈՄ) դարձաւ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուող «Սար էլ ուաքթ» քաղաքական յայտագիրին հիւրը, որուն ընթացքին լուսարձակի տակ առաւ 1915-ին հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ցեղասպանութիւնն ու անդրադարձաւ արցախահայութեան դէմ տակաւին անցեալ տարի գործուած ցեղասպանութեան` Արցախը ցեղային զտման ենթարկելու եւ արցախահայութիւնը բռնի տեղահանելու ճշմարտութեան:
Այդ յայտագիրին ընդմէջէն զաւարեանականներ ընդգծեցին պայքարը շարունակելու իրենց վճռականութիւնը:
Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամ Արազ Էլէյճեան յայտնեց, որ 24 ապրիլին հայութիւնը 109-րդ անգամ ըլլալով ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը` աւելցնելով, որ պատմութիւնը ինքզինք կրկնեց 2023-ին, երբ Ազրպէյճան քաջալերուելով ցեղասպան թուրքին անպատիժ մնալու իրականութենէն, գործադրեց նաեւ այլ ցեղասպանութիւն մը` արցախահայութեան դէմ:
«Պէտք է հաստատել, որ հայ ժողովուրդը կը տոկայ ու կը գոյատեւէ: Իբրեւ Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամներ, մեր ներկայութիւնը արդէն իսկ փաստ է, որ հայ ժողովուրդը տոկացած է եւ շարունակած գոյապայքարը: Մենք` իբրեւ պահանջատէր ուսանող սերունդ, կը հաստատենք, որ կարելի բոլոր միջոցներով պայքարը պիտի շարունակենք` Լիբանանի, Հայաստանի եւ ամբողջ աշխարհին մէջ, մինչեւ որ մեր բոլոր իրաւունքներուն տիրանանք, եւ հայ ժողովուրդը արդար հատուցում ստանայ», շեշտեց ան:
Խօսք առաւ նաեւ Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամ Բագրատ Գրիգորեան, որ հաստատեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակի ոգեկոչումը հայ ժողովուրդին համար ցաւալի է` ընդգծելով, որ Հայ դատը նախ եւ առաջ մարդկային դատ է եւ ոչ թէ քաղաքական կամ այլ դատ:
«Մենք բոլորէն կը խնդրենք զօրակցիլ հայ ժողովուրդին` իր դատին մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ անպատիժ չձգել ցեղասպանները եւ արգիլել աշխարհի երեսին այլ ցեղասպանութիւններու գործադրութիւնը, բան մը, որ կրկնուեցաւ դարձեալ հայ ժողովուրդին դէմ, ինչպէս նաեւ ամէնօրեայ դրութեամբ կը գործադրուի պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ», ըսաւ Բ. Գրիգորեան:


