Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ ընթացող բախումները բուռն կշռոյթով շարունակուեցան անցնող շաբթուան ընթացքին:
Մէյսել Ժապալի մէջ շաբաթ երեկոյեան իսրայէլեան ռմբակոծումներուն պատճառով սպաննուեցան 4 քաղաքայիններ, իսկ տասնեակ մը ուրիշներ վիրաւորուեցան:
Անոնց յուղարկաւորութեան ընթացքին Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայեատ յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը իրաւունք ունի պատասխանելու լիբանանցի իւրաքանչիւր քաղաքացի հարուածած ոճիրին դէմ:
Շարունակուող բախումներուն շրջագիծին մէջ, իսրայէլեան օդուժն ու հրետանին երէկ ռմբակոծեցին Նաքուրա, Այթարուն, Շեպաա, Հասպայա, Մարքապա, Ատայսէ, Քֆարքիլա, Մարքապա, Խիամ, Թիպէ, Այթա Շաապ, Ժապալ Պլաթ եւ Սըրպին գիւղաքաղաքները` պատճառելով վիրաւորներ:
Հըզպալլա իր կարգին յայտարարեց, որ կատարած է շարք մը զինուորական գործողութիւններ, որոնց ընդմէջէն ռմբակոծած է իսրայէլեան զինուորական դիրքեր, խարիսխներ ու կեդրոններ:
Հըզպալլայի մարտիկները համապատասխան հրթիռներով եւ անօդաչու թռչող սարքերով ռմբակոծած են իսրայէլեան Քըրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրը, ուր վիրաւորուած է իսրայէլացի քաղաքային մը:
Դէպի Քըրիաթ Շմոնա արձակուած «Քաթիուշա» տիպի տասնեակ հրթիռներով Դիմադրութեան մարտիկները պատճառ դարձած են նոյն վայրին, ինչպէս նաեւ Գալիլիոյ մէջ ելեկտրական հոսանքին անջատման:
Դիմադրութեան մարտիկները պատասխանելու համար Մէյսել Ժապալի մէջ գործուած ոճիրին, «Քաթիուշա» եւ «Ֆալաք» տիպի հրթիռներով ռմբակոծումի թիրախ դարձուցած են իսրայէլեան Զաուրա զօրամասին կեդրոնը եւ հրկիզած հոն գտնուող հրետանիներն ու զրահապատները:
Նոյն պատասխանի շրջագիծին մէջ Հըզպալլա ռմբակոծեց նաեւ իսրայէլեան Քֆարեուվալ եւ Քֆարկելատի բնակեցման վայրերը:
Հըզպալլայի մարտիկները թիրախահար հրթիռներով թիրախ դարձուցին իսրայէլեան Աւիւիմ դիրքը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ եւ պատճառելով մարդկային վնասներ:
Դիմադրութիւնը ռմբակոծեց նաեւ իսրայէլեան Շթուլա բնակեցման վայրը, ինչպէս նաեւ բուռն կերպով ռմբակոծեց իսրայէլեան Սըմմեքա ու Մալիքիէ զինուորական դիրքերը եւ հոն գտնուող իսրայէլացի զինուորներուն համախմբումներն ու լրտեսական սարքերը:
Հըզպալլա հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեց իսրայէլեան Մերկելիոթ բնակեցման վայրը եւ ուղղակի հարուածներ հասցուց անոր:
Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Դիմադրութիւնը «Քաթիուշա» տիպի տասնեակ հրթիռներով ռմբակոծած է Կոլանի բարձունքին վրայ գտնուող իսրայէլեան թիւ 210 փաղանգի զօրանոցը, ինչպէս նաեւ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակում գործած է Մթըլլէի մէջ գտնուող իսրայէլացի զինուորներու խմբաւորումի մը վրայ եւ սպաննած իսրայէլացի սպաներ: