Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց խորհրդակցական նիստի մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին առումով Լիբանանի տրամադրուած եւրոպական նուիրատուութեան մասին կեցուածքները:
Խորհրդակցական նիստը պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 15 մայիս 2024-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:
Իր կարգին, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ` հաստատելով, որ սուրիացի տեղահանուածները Լիբանանի մէջ բնակեցնելու առումով Եւրոպական Միութեան հետ գործարք չկայ:
Միքաթի Ռայի պատրիարքին ներկայացուց Եւրոպական յանձնաժողովի եւ Կիպրոսի հանրապետութեան նախագահներուն հետ հանդիպումներուն արդիւնքները:
Միւս կողմէ, Միքաթի ողջունեց Համասի համաձայնութիւնը` Կազայի մէջ զինադուլ յայտարարելու:
Ան շեշտեց, որ Համասի կեցուածքը յառաջդիմական է` պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ իսրայէլեան բռնարարքներուն վերջ տալու եւ պատերազմին հետեւանքները դարմանելու իմաստով:
Պու Հապիպ Ընդունեց
Նետերլանտներու Իր Պաշտօնակիցը
Միւս կողմէ, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ ընդունեց Նետերլանտներու իր պաշտօնակիցը` Հանքի Պրուինզ Սլոթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք Պու Հապիպ ողջունեց Նետերլանտներու զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը Լիբանանին, յատկապէս` Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումէն ետք:
Իր կարգին, Սլոթ յայտնեց, որ Նետերլանտներ կառչած կը մնան Լիբանանի հետ իրենց յարաբերութիւններուն:
Ան ընդգծեց Միջին Արեւելքի կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը` նկատել տալով, որ քննարկած են Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ տիրող տագնապալի կացութիւնը:
Սլոթ հաստատեց, որ Նետերլանտները կը յուսան, որ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կարելի ըլլայ համաձայնութեան մը յանգիլ եւ բանակցութիւնները յաջողութեամբ պսակել` յանգելով անմիջական զինադուլի:
Սլոթ անհրաժեշտ նկատեց նաեւ, որ հարաւային Լիբանանի սահմանագիծը կայուն մնայ եւ զինադուլ յայտարարուի` նկատել տալով, որ հարաւային Լիբանանի մէջ քաղաքայիններու սպանութիւնը Նետերլանտները կը մտահոգէ:
«Պէտք է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրել` երկու երկիրներուն կողմէ, որպէսզի կարելի ըլլայ խաղաղութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը վերահաստատել, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին զօրակցիլ», ըսաւ ան:
Սլոթ մեծ յարգանք յայտնեց Լիբանանին, որ մեծաթիւ սուրիացի տեղահանուածներ կը հիւրընկալէ` նկատել տալով, որ Նետերլանտներ այս իմաստով 140 միլիոն եւրոյի գումար մը պիտի տրամադրեն Լիբանանին` յառաջիկայ չորս տարիներուն համար:
Սլոթ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Նետերլանտներու նոր դեսպանատան բացումին առիթով իրենք վերստին կը պահանջեն բացայայտել Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին դրդապատճառները եւ հաշուետուութեան կանչել այդ ոճիրին պատասխանատուները: