Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ յետմիջօրէին վարչապետարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատարի Մորիս Սլիմի եւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ:
Քննարկուեցան ներկայ իրադարձութիւնները եւ ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան գործունէութեան վերաբերող հարցեր: