Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի յայտնեց, որ նախարարութիւնը որոշեց ջնջել պրըվէի պետական քննութիւնը եւ Թ. դասարանի աշակերտները յաջողած նկատել` դպրոցական նիշերուն համաձայն:
Միւս կողմէ, Հալապի հաստատեց, որ նախարարութիւնը որոշած է պաքալորէայի պետական քննութիւնները կայացնել` առանց հարաւային Լիբանանի աշակերտները զերծ կացուցելու այդ քննութենէն:
Ան շեշտեց, որ պետական քննութիւններուն թղթածրարը քաղաքական չէ, այլ` զուտ կրթական:
Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Աշխատաւորներու տօնին առիթով շնորհաւորեց Լիբանանի աշխատաւորները` հաստատելով, որ իսկական տօնը պիտի ըլլայ այն ժամանակ, երբ բոլորս գործակցինք աշխատաւորներուն վերադարձնելու համար այն Լիբանանը, որուն համար անոնք նուիրեցին իրենց քրտինքը, արիւնն ու հոգին:
«Մայիս 1-ի ողջոյն այն մշակներուն ու բանուորներուն, որոնք այսօր կառչած կը մնան հարաւային Լիբանանի հողերուն եւ կը տոկան ու կը պայքարին Լիբանանին ու լիբանանցիին փառքին, արժանապատուութեան ու զօրութեան ի խնդիր», շեշտեց Պըրրի:
Նշենք, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ընդունեց լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրին, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները եւ միացեալ թղթածրարները, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը դիւրացնելու կարելիութիւնները:
Իր կարգին, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ «Լ՛Օրիան լը ժուր»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին լուծումը հրատապ դարձած է Ժիպէյլի մէջ Փասքալ Սլէյմանի եւ Ազունիէի մէջ Եասեր Քուքաշի սպանութեան ոճիրներէն ետք:
Ան շեշտեց, որ իրենք կարիքը ունին այս հարցը լաւագոյն կերպով լուծելու, հետեւաբար պիտի մշակեն փաստաթուղթ մը եւ զայն յանձնեն վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիին, որպէսզի ան 27 մայիսին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին ներկայացնէ` ամրապնդելով Լիբանանի կեցուածքը:
«Սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը սուրիական վարչակարգին հետ քննարկելէ փախուստ չկայ», ըսաւ Ժոմպլաթ:
Անդրադառնալով Մեհրապի հանդիպումէն Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան բացակայութեան` Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը չափաւորական է եւ կը զօրակցի համաձայնութեան յանգելու գաղափարին: «Իսկ եթէ Սամիր Ժահժահ կը փափաքի ինքզինք փաստել իբրեւ ընդդիմութեան ղեկավար, ապա կրնայ անիկա կատարել առանց մեզի, ու մենք այդ իմաստով հարց չունինք», շեշտեց Ժոմպլաթ:
Միւս կողմէ, երէկ Պէյրութի հրշէջներու ջոկատը յայտարարեց, թէ իր անդամները մարած են Պշարա Խուրիի շրջանին մէջ գտնուող «Փիցցա սիքրըթ» ճաշարանին մէջ ծագած հրդեհ մը: Հրդեհը յառաջացած է կազի սպրդումի պատճառով: Պայթումը պատճառած է 10 զոհ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ:


