Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մայիս 8, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 17.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 17.000 լ. ոսկիով, մազութինը` 38.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազինը` 15.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար վառելանիւթի նոր սակերն են. 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը` 1.760.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.798.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.483.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 889.000 լ. ոսկի:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն նախագահական ընտրութիւնը կատարելու եւ շրջանցելու իրենց անձնական շահերը:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը Ս. Զատկուան տօնին առիթով արտասանած իր քարոզին ընթացքին կոչ ուղղեց պատասխանատուներուն ինքնավստահութիւնը վերադարձնելու Լիբանանէն արտագաղթած քաղաքացիներու հոգիներուն մէջ, որպէսզի անոնք վերադառնան Լիբանան, եւ ոչ թէ քաջալերելու զանոնք, որ եղանակային կամ մնայուն արտագաղթի դիմեն:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար ընդգծեց, որ Եւրոպան լիբանանցիներուն փոխարէն իր դռները պէտք է բանայ սուրիացիներու արտագաղթին դիմաց: Ան հաստատեց, որ Եւրոպայի հետ խորհրդակցելով կարելի էր աւելի լաւ պայմաններ ապահովել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ 6 մայիս 1916-ին ինկած մամլոյ նահատակներուն ջահը կը լուսաւորէ ճշմարտութեան ուղին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ղասսան Սքաֆ յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը Լիբանանը կաշառած է` աւելցնելով, որ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը կրակէ գնդակ մըն է, որ Լիբանանի մէջ պայթելու պարագային անոր բեկորները Եւրոպա պիտի հասնին:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ կատաղի ըլլալու Իսրայէլի իրականութիւնը իրենց չի վախցներ` աւելցնելով, որ իրենք պատրաստ են դէմ յանդիման գալու Իսրայէլի հետ եւ հանդուրժելու զոհողութիւնները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիէն պահանջեց կատարեալ թափանցիկութեամբ ներկայացնել Եւրոպական Միութեան հետ համաձայնութիւնը, որ գոյացաւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին վերաբերեալ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Պու Ֆաուր յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը զուտ ազգային շահ է եւ պէտք չէ լիբանանցիներուն միջեւ բանավէճի նիւթ դառնայ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ղատա Այուպ հաստատեց, որ պաղեստինցիներուն օժանդակելու համար հարաւային Լիբանանի մէջ բռնկած պատերազմը կարելի է կասեցնել միայն ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեամբ` դիւանագիտական միջոցներով թէ բռնի ուժով:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի անդամ, երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ այցելեց բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, որուն հետ քննարկեց սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը:

Նախորդը

Համաս Ընդունեց Առաջարկուած Գործարքը, Իսրայէլ Գրաւեց Ռաֆահի Անցակէտի Պաղեստինեան Կողմը

Յաջորդը

Իսրայէլեան Ռմբակոծումները Կը Պատճառեն 4 Քաղաքայիններու Սպանութիւնը, Իսկ Հըզպալլա Թիրախ Կը Դարձնէ Իսրայէլացի Սպաներ

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?