Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Կը Նախաձեռնէ Շրջապտոյտի Մը` Սուրիացի Տեղահանուածներու Թղթածրարին Մասին Իր Կեցուածքը Հաստատելու

Մայիս 9, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի նիստին, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Ռաֆահի դէմ իսրայէլեան բռնարարքներուն սպառնալիքներուն տակ, աւելի քան երբեք պէտք է ջանք թափել Լիբանանը զերծ կացուցելու Կազայի պատերազմէն, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը անջատելու տիրող արտաքին իրավիճակէն:

Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ համախմբումէն պատուիրակութիւն մը այցելած է արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի եւ Եւրոպական Միութեան դեսպանատուն: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի եւ Կիպրոսի դեսպանատուն, որպէսզի ընդգծէ, թէ համախմբումը կը մերժէ յանգիլ այնպիսի լուծումի մը, որուն համաձայն սուրիացի տեղահանուածները կը հաստատուին Լիբանանի մէջ:

Պու Հապիպի Մօտ

Հզօր Լիբանան համախմբումի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Նատա Պուսթանի, Նիքոլա Սահնաուի, Սելիմ Աուն, Ժորժ Աթալլա, Շարպել Մարուն, Սամեր Թում եւ Ճիմի Ժապպուր, երէկ այցելեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի:

Հանդիպումէն ետք Սահնաուի յայտնեց, որ Եւրոպական Միութեան հետ որեւէ համաձայնութիւն կամ սակարկութիւն կտրականապէս մերժելի է, եթէ ան Լիբանանի իրաւունքները կը վտանգէ:

Սահնաուի շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածները Լիբանանի մէջ պահող որեւէ պայման մերժելի է, որովհետեւ ան կը սպառնայ Լիբանանի գոյութեան:

Եւրոպական Միութեան
Դեսպանատան Մէջ

Նոյն պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Եւրոպական Միութեան դեսպանատուն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Սանտրա տիւ Վալի հետ:

Հանդիպումէն ետք Պուսթանի յայտնեց, որ պատուիրակութիւնը ընդգծած է սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի կարեւորութիւնը:

Պուսթանի նկատել տուաւ նաեւ, որ քննարկուած են Լիբանանին տրամադրուած եւրոպական նուիրատուութեան մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին վերաբերող կեցուածքներուն միջեւ մերձեցում յառաջացնելու միջոցները: Պուսթանի հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնն ու Հզօր Լիբանան համախմբումը այս շրջագիծին մէջ յաւելեալ կեցուածքներ պիտի ունենան:

 

Նախորդը

Սլիմ Ընդունեց Զօր. Աունը

Յաջորդը

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Բախումները Կը Շարունակուին

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց  Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան  Փաստաթուղթը Չընդունինք»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?