Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Սանտրա Տիւ Վալը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Պրիւքսելի մէջ տեղի ունենալիք Ը. խորհրդաժողովը, որ կը վերաբերի Սուրիոյ եւ շրջանին ապագային:
Միքաթի յայտնեց, որ Պրիւքսելի խորհրդաժողովին մասնակցող լիբանանեան պատուիրակութեան պիտի նախագահէ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ:
Միւս կողմէ, Միքաթի վարչապետարանէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ խստիւ դատապարտեց սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին հարցով կառավարութեան դէմ ուղղուած մեղադրական արշաւները` հաստատելով, որ այս ուղեգիծը յստակ է եւ անիկա ժողովրդահաճոյ նպատակներով ճշմարտութիւնը ծածկելու կը ջանայ:
Միքաթի ընդգծեց, որ այս իմաստով ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը իր աշխատանքը պիտի շարունակէ եւ հանգիստ խղճով ու պատասխանատուութեամբ առաջ պիտի երթայ, «եւ այս իմաստով իր հատու խօսքը պիտի ունենայ խորհրդարանին մէջ` չորեքշաբթի օրուան խորհրդակցական նիստին», ըսաւ ան:


