Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Պէյրութի, Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի ճարտարապետական սենտիքաներու նախագահներ Ֆատի Հաննան եւ Շաուքի Ֆաթֆաթը` ընկերակցութեամբ զոյգ սենտիքաներու անդամներուն:
Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ Լիբանանի միակ ճարտարարուեստը, որով ան կը փայլի, մարդակերտումն է:
Պըրրի ողջունեց զոյգ սենտիքաներուն ընտրութեան ընթացքին որդեգրուած մրցակցային եւ ժողովրդավարական մթնոլորտը` բարձր գնահատելով իրաւաբաններուն եւ ճարտարապետներուն դերակատարութիւնը` Լիբանանը վերստին բարգաւաճեցնելու առումով:
Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանան սնանկացած երկիր մը չէ, այլ` թերացած է իր նիւթական պարտաւորութիւնները կատարելու եւ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող լիբանանցիներուն իրենց գումարները վերադարձնելու առումով:
Ան հաստատեց, որ այդ գումարները սուրբ են, ըլլան անոնք անհատներու, սենտիքաներու թէ հաստատութիւններու, եւ աւելցուց, որ այդ գումարները ուշ կամ կանուխ պէտք է վերադարձուին իրենց իրաւատէրերուն:
Պըրրիի այցելեց նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու քաղաքական զարգացումները:
Նշենք, որ Լիբանանի տրամադրուած եւրոպական նուիրատուութեան լոյսին տակ, սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը քննարկելու իմաստով Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրած էր խորհրդակցական նիստի մը, որ պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 15 մայիս 2024-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:
Կը նախատեսուի, որ մեծ թիւով երեսփոխաններ ներկայ գտնուին խորհրդակցական այդ նիստին:
Ալի Հասան Խալիլ. «Ֆրանսական Իշխանութիւնները
Ստացան Պըրրիի Պատասխանը»
Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահի քաղաքական օգնական, երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ «Թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան ուղեգիծ» խորագիրը կրող ֆրանսական նախաձեռնութեան մասին Պըրրի իր պատասխանը ուղարկած է ֆրանսական իշխանութիւններուն` ֆրանսական դեսպանատան միջոցով:
Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ այդ նախաձեռնութեան նկատմամբ ցուցաբերուած է դրական վերաբերում, հակառակ կարգ մը վերապահութիւններուն` որոշ կէտերու եւ եզրերու շուրջ:
«Պըրրիի պատասխանը եղած է այն, որ հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութեան վերահաստատումը կարելի է ապահովել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին ամբողջական գործադրութեամբ, բայց եւ այնպէս այդ կացութեան լուծման հիմնական բանալին կը մնայ Կազայի մէջ հաստատուելիք զինադուլը», ըսաւ Խալիլ` աւելցնելով, որ Իսրայէլ իր կարգին պէտք է յանձնառու մնայ թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան: