ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտնեց, որ այսօրուընէ սկսեալ Քաայի սահմանէն սուրիացի տեղահանուածներուն կամովին տունդարձը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 5:00-էն սկսեալ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ իսրայէլացիները ձախողած են իրենց նպատակը իրականացնելու մէջ` աւելցնելով, որ անոնք ի վերջոյ պիտի զիջին եւ պիտի վերադառնան բանակցութիւններու ու քաղաքական ելք մը ապահովելու ընտրանքին:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Իհապ Համատէ Հերմելի մէջ յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ Դիմադրութեան գործողութիւնները պիտի շարունակուին Կազայի եւ անոր ժողովուրդին զօրակցելու նպատակով:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Հզօր հանրապետութիւն համախմբումը պիտի մասնակցի չորեքշաբթի, 15 մայիս 2024-ին գումարուելիք խորհրդարանի խորհրդակցական նիստին` քննարկելու համար սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին լոյսին տակ Եւրոպական Միութեան կողմէ Լիբանանին տրամադրուած մէկ միլիառ եւրոյի գումարը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ թշնամի Իսրայէլը հանգստացնելու առումով որեւէ նախաձեռնութեան ճակատագիրը ենթակայ է ձախողութեան` աւելցնելով, որ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին լուծումը պէտք է ապահովուի ազգային մօտեցումներով:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզզէտտին յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը այսօր աւելի քան երբեք կը մօտենայ Պաղեստինի մէջ յաղթանակ յայտարարելու իրականութեան:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը ունի այնպիսի ուժ, որով կրնայ թշնամին իրմէ հեռու պահել եւ անոր բռնագրաւած հողերը ազատագրել:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Դիմադրութեան անօդաչու թռչող սարքերը որեւէ տեղ հասնելու կարողութիւն ունին:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն ուղղուելու Սուրիա եւ աշխատանքը համադրելու սուրիական պետութեան հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը լուծել` բոլորին արժանապատուութիւնը ապահովելով: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի քաղաքական տագնապը լուծելու միակ միջոցը երկխօսութիւնն է:


