Հըզպալլայի զինուորական պատասխանատուներէն Մուսթաֆա Պատրէտտինի սպանութեան Ը. տարելիցին առիթով` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը պիտի շարունակէ Կազայի ճակատին օժանդակել` հարաւային Լիբանանի մէջ շարունակելով դիմադրել իսրայէլեան ուժերուն եւ մագլցումներու պիտի դիմէ` պատերազմի դաշտին եւ բախումներուն բուռն ըլլալուն համաձայն:
Իր խօսքը ուղղելով հիւսիսային Իսրայէլի բնակեցման վայրերու բնակիչներուն` սէյիտ Նասրալլա խորհուրդ տուաւ անոնց ուղղուելու իրենց կառավարութեան մօտ եւ պահանջելու անկէ, որ Կազայի դէմ պատերազմը կասեցնէ:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց նաեւ, որ Իսրայէլ կը գտնուի երկու ընտրանքի դիմաց: «Կա՛մ այն է, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը համաձայնութիւն պիտի յայտնէ այն տարբերակին, որուն Համաս համաձայնութիւն յայտնած է, կա՛մ ալ պիտի շարունակէ գտնուիլ զինք մաշեցնող եւ սպառող պատերազմի մը մէջ», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա նկատել տուաւ, որ նոյնիսկ եթէ Իսրայէլ Ռաֆահի անցք մուտք գործէ, ապա այդ մէկը չի նշանակեր, որ Դիմադրութեան առաքելութիւնը աւարտած է, եւ պաղեստինցի ժողովուրդը հրաժարած` Դիմադրութենէն:
«Իսրայէլ 8 ամիսէ ի վեր կը ձախողի Կազայի դէմ իր սանձազերծած պատերազմին նպատակները իրագործելէ, եւ այս իրողութիւնը փաստ մըն է, որ անիկա ձախող է ու անզօր», հաստատեց ան:
Միւս կողմէ, անդրադառնալով սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին, սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ լիբանանեան համախոհութիւն պէտք է գոյանայ` դէպի Եւրոպա գաղթել փափաքող սուրիացի տեղահանուածներուն դիմաց ծովը բաց պահելու, որպէսզի անոնք կամովին գաղթեն, առանց իրենց կեանքը վտանգի ենթարկելու:
Ան նշեց, որ Լիբանանի խորհրդարանը կրնայ կազմել յանձնախումբ մը, որ այցելէ այն երկիրները, որոնք կը մերժեն սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը` զանոնք պատասխանատու նկատելու տիրող իրավիճակին:
Սէյիտ Նասրալլա նկատել տուաւ, որ բոլորը կը փափաքին, որ սուրիացի տեղահանուածները տունդարձ կատարեն, բացի կարգ մը միութիւններէ, որոնք կը գործեն եւրոպական եւ ամերիկեան ցուցմունքներով:
Ան շեշտեց, որ խորհրդարանին գումարելիք այսօրուան խորհրդակցական նիստը առիթ մըն է սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին գործնական լուծում ապահովելու:


