ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան Ս. պատարագին ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ ցաւ յայտնեց, որ եւրոպական երկիրները չեն գործակցիր Լիբանանի հետ` լուծելու համար սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը: Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ այդ երկիրները սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը կ՛օգտագործեն իբրեւ քաղաքական խաղաքարտ: Ներքին լիբանանեան առումով, Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ նախագահական ընտրութիւնը խոչընդոտող կողմերը կը ջանան աւելիով զօրանալ եւ ժողովուրդով ու սահմանադրութեամբ խաղալ:
ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ հաստատեց, որ չարիքի եւ փտածութեան ուժերը Լիբանանի դէմ յաղթանակ պիտի չկարենան արձանագրել, նոյնիսկ եթէ անոնք աւելի հզօր կը թուին ըլլալ:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատա Տոհայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ քաթարցի իր պաշտօնակիցին` շէյխ Ապտել Ռահման պըն Համատ Ալ Թանիի հետ: Քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս մշակութային մարզին մէջ գործակցելու առումով:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ այցելեց Արեւմտեան Պեքաա, ուր ան հաստատեց, որ արտաքին օժանդակութիւններուն համար իրենք շնորհակալ են եւ ատիկա իրենց համար ողջունելի է, «բայց եւ այնպէս արտաքին օժանդակութիւնները նախապայմաններու հիման վրայ պէտք չէ կատարուին», աւելցուց Համիէ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ մեկնեցաւ Քաթար` ընդառաջելով Քաթարի սպայակոյտի պետին հրաւէրին: Հանդիպումներուն ընթացքին պիտի քննարկուին լիբանանեան բանակին օժանդակելու կարելիութիւնները, որպէսզի անոնք շարունակեն Լիբանանի ապահովութեան եւ կայունութեան գուրգուրալ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի դէմ պատերազմը պիտի աւարտի սիոնական գերիներուն ազատ արձակումով: Ան աւելցուց նաեւ, որ Համաս բաւական հզօր դուրս պիտի գայ այս պատերազմէն:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս կոչ ուղղեց քաղաքական ուժերուն միասնականութիւն գոյացնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանը փրկել այս իրավիճակէն:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆայսալ Քարամէ կոչ ուղղեց սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին հանդէպ ազգային եւ ոչ թէ համայնքային մօտեցում ցուցաբերելու: Քարամէ ընդգծեց, որ իրենք չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանի նիստին ներկայ պիտի գտնուին եւ իրենց խօսքը պիտի ըսեն:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Անթուան Հապշի յայտնեց, որ եթէ քաղաքապետարաններն ու ապահովական կառոյցները օրէնքը գործադրեն, իսկ քաղաքական ուժերը յանձնառու մնան որոշումներուն` սուրիացի տեղահանուածներուն ապօրինութիւնները զսպելու առումով, ապա կարելի պիտի ըլլայ այդ տագնապին լուծում մը ապահովել:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզզէտտին յայտնեց, որ Պաղեստինեան հարցը անկիւնադարձային փուլէ մը կ՛անցնի` նկատի ունենալով «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութեան իրականացուցած արդիւնքները: