Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հըզպալլա Բուռն Կերպով Կը Ռմբակոծէ Քըրիաթ Շմոնա Բնակեցման Վայրը

May 13, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Լիբանանի մէջ բախումները շարունակուեցան անցեալ շաբաթավերջին: Իսրայէլեան օդուժն ու հրետանին ռմբակոծեցին Ուատի Պայեատ, Ուազզանի, Հուլա, Ժապալ Պլաթ, Ժըպպայն, Մաժտալ Զուն, Նաքուրա, Տհայրա, Սուր, Պընթ Ժպէյլ, Հըլթա, Քֆարհամամ, Հապպարիէ, Խրայպէ եւ Ռաշայա Ֆըխխար գիւղաքաղաքները:

Միւս կողմէ, Հըզպալլայի մարտիկները «Քաթիուշա» եւ «Ֆալաք» տիպի հրթիռներով բուռն կերպով ռմբակոծեցին Քըրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրը` պատճառելով նիւթական եւ մարդկային վնասներ:

Իսրայէլացի սպաներու կատարած արտայայտութիւններուն համաձայն, հիւսիսային Իսրայէլի բնակիչները պիտի չկարենան իրենց բնակարանները վերադառնալ` Հըզպալլայի հասցուցած հարուածներուն պատճառով:

Դիմադրութեան մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Մթըլլէ բնակեցման վայրին մէջ գտնուող շէնք մը, որ բնակուած է իսրայէլացի զինուորներով:

Հըզպալլա հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծումի թիրախ դարձուց իսրայէլեան Ռամիա դիրքը եւ ուղղակի հարուածներ հասցուց` սպաննելով ու վիրաւորելով հոն գտնուող զինուորներու համախմբումը:

Դիմադրութեան մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծումի թիրախ դարձուցուցին  իսրայէլեան Ժալ Օլամ դիրքը` անոր հասցնելով ուղղակի հարուածներ:

Հըզպալլա թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծեց նաեւ իսրայէլեան Սըմմեքա ու Ռուէյսեթ Քարըն զօրանոցները եւ ուղղակի հարուածներ հասցուց անոնց:

Հըզպալլայի մարտիկները անօդաչու թռչող սարքերով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Պէյթ Հիլալ խարիսխն ու հոն գտնուող զինուորական սարքերը. արձանագրուեցան ուղղակի հարուածներ եւ պատճառեցին մարդկային վնասներ:

Դիմադրութիւնը հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեց նաեւ իսրայէլեան Մարժ դիրքը եւ հոն գտնուող իսրայէլացի զինուորներուն համախմբումներն ու լրտեսական սարքերը:

Հըզպալլա հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեց իսրայէլեան Մթըլլէ բնակեցման վայրը եւ ուղղակի հարուածներ հասցուց անոր:

Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Դիմադրութիւնը «Ժիհատ Մուղնիէ» արդիական նոր հրթիռներով ռմբակոծած է բռնագրաւուած Մազարեհ Շեպաայի մէջ գտնուող իսրայէլեան Զըպտին դիրքը:

Նախորդը

Ժոլի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը Ունեցաւ Պու Հապիպի Հետ

Յաջորդը

Պըրրի Միքաթիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.