Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ մեկնեցաւ Պահրէյն` մասնակցելու համար Արաբական լիկայի 33-րդ վեհաժողովի նախօրեակին տեղի ունեցող արաբ արտաքին գործոց նախարարներու նիստին:
Արաբական լիկայի վեհաժողովին մասնակցող լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութեան պիտի նախագահէ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի:
Միւս կողմէ, Պու Հապիպ Մանամայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ սուրիացի իր պաշտօնակիցին` Ֆայսալ Մըքտատի հետ, որուն հետ քննարկեց սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը:
Նշենք, որ սուրիական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ երէկ Լիբանանէն Սուրիա հասած են հարիւրաւոր սուրիացի տեղահանուածներ` Ժուսիէի եւ Զամարանիի անցքերէն:


