Լիբանանեան

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու  Դեսպանատան Վրայ Զինեալ Յարձակում

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատան Վրայ Զինեալ Յարձակում

Երէկ Աուքարի շրջանին մէջ գտնուող Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան վրայ կատարուեցաւ զինեալ յարձակում մը. մինչ տեղական լրատուամիջոցներ խօսեցան երեք զինեալներու մասին, որոնցմէ մէկը լիբանանեան բանակին կողմէ սպաննուած է, երկրորդը` վիրաւորուելով ձերբակալուած եւ հիւանդանոց տեղափոխուած, իսկ երրորդը` խոյս տուած, լիբանանեան բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Աուքարի շրջանին մէջ Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը սուրիական քաղաքացիութեան տէր անձի մը կողմէ կրակոցի ենթարկուեցաւ,...

Այցելելով Քիրիաթ Շմոնա`  Նեթանիահու. «Հիւսիսի Մէջ Ուժեղ  Գործողութեան Մը Պատրաստ Ենք»

Այցելելով Քիրիաթ Շմոնա` Նեթանիահու. «Հիւսիսի Մէջ Ուժեղ Գործողութեան Մը Պատրաստ Ենք»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Քիրիաթ Շմոնա բնակեցման վայր այցելելով յայտարարեց, որ Իսրայէլ հիւսիսի մէջ «շատ ուժեղ գործողութեան մը» պատրաստ է: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը: Կայանը նաեւ հաղորդեց, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է իսրայէլեան բանակի պահեստային զինուորներուն թիւը 350 հազարի բարձրացնել արտօնող որոշումին, որ ի զօրու պիտի ըլլայ մինչեւ 31 օգոստոս: Ըստ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին, թիւի...

Հըզպալլան Անօդաչու Թռչող Սարքերով  Հարուածեց Արեւմտեան Գալիլիոյ Հարֆիշ Շրջանը

Հըզպալլան Անօդաչու Թռչող Սարքերով Հարուածեց Արեւմտեան Գալիլիոյ Հարֆիշ Շրջանը

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Արեւմտեան Գալիլիոյ Հարֆիշ շրջանին մէջ անօդաչու թռչող սարքերու պայթումին պատճառով արձանագրուած են առնուազն 2 զոհեր եւ 24 վիրաւորներ: Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ ականուած անօդաչու թռչող սարքի մը ֆութպոլի դաշտին մէջ իյնալուն պատճառով արձանագրուած են 10 վիրաւորներ, որոնցմէ մէկուն վիճակը ծանր է: Կայանը նշեց, որ իսրայէլեան բանակը 3 ուղղաթիռներ օգտագործած է վիրաւորները փոխադրելու...

Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Համապարփակ Պատերազմին Չենք Զօրակցիր, Եւ Լարուածութեան Մագլցումը Մեզ Կը Մտահոգէ»

Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Համապարփակ Պատերազմին Չենք Զօրակցիր, Եւ Լարուածութեան Մագլցումը Մեզ Կը Մտահոգէ»

Ուաշինկթըն մտահոգութիւն յայտնեց Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ լարուածութեան աճին նկատմամբ: Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանն ալ հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլէն պահանջած են Համաս շարժումին հետ գերիներու փոխանակման հաւանական գործարքը ամբողջացնելէ առաջ Հըզպալլայի դէմ մագլցումի չդիմել: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Մեթիու Միլլըր յայտնեց, որ իրենք մտահոգութիւն կը զգան իսրայէլացի զինուորական պաշտօնատարներու այն պատգամներէն, թէ Հըզպալլայի վրայ յարձակումի եւ...

Միքաթի. «Այն, Ինչ Որ Սինիորան Երկրին  Անունով Բանակցելու Թղթածրարը Պըրրիի  Յանձնելու Մասին Ըսաւ, Ճշմարտութեան Հակառակ Է»

Միքաթի. «Այն, Ինչ Որ Սինիորան Երկրին Անունով Բանակցելու Թղթածրարը Պըրրիի Յանձնելու Մասին Ըսաւ, Ճշմարտութեան Հակառակ Է»

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երեքշաբթի գիշեր պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ վարչապետը երկրին անունով բանակցելու թղթածրարը յանձնած է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, «ինչ որ սահմանադրութեան կը հակասէ»: Գրասենեակը նշեց, թէ Միքաթի կը յայտնէ, որ այն, ինչ որ Սինիորան ըսաւ, ճշմարտութեան հակառակ է: Իսկ ճշմարտութիւնը այն է, որ...

Պեն Ղաֆիր. «Ժամանակն Է, Որ Լիբանանը Այրի»

Պեն Ղաֆիր. «Ժամանակն Է, Որ Լիբանանը Այրի»

Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար պեն Ղաֆիր յայտնեց. «Իսրայէլի հիւսիսային շրջանին մէջ հրդեհները սնանկութեան եւ զսպման քաղաքականութեան շարունակման փաստ են, եւ ժամանակն է, որ Լիբանանը այրի»: Ան նշեց. «Եթէ ռմբաձիգներու եւ հրթիռներու պատասխանատուութիւնը ինծի յանձնուէր, Հըզպալլան պիտի գիտնար, թէ Իսրայէլի իսկական պատասխանը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ»: Պեն Ղաֆիր նաեւ սպառնաց այսօր նախատեսուած իսրայէլացի բնակեցուածներու սադրիչ «Դրօշներու երթ»-ի ընթացքին Աքսայի մզկիթ ներխուժել:...

Նասրալլա Հանդիպում Ունեցաւ  Պաքերի Քանիի Հետ

Նասրալլա Հանդիպում Ունեցաւ Պաքերի Քանիի Հետ

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա հանդիպում ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի գործակատար Ալի Պաքերի Քանիի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հետ` ներկայութեամբ Պէյրութի մէջ Իրանի դեսպանին: Սայիտ Նասրալլա անգամ մը եւս ցաւակցութիւն յայտնեց Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի եւ արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանի ու անոնց ընկերակիցներուն մահուան առիթով: Հըզպալլայի հասարակական կապերու բաժանմունքը հաղորդեց, որ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են շրջանային...

Քասեմ. «Որոշեցինք Պատերազմը Չընդլայնել,  Սակայն Եթէ Իսրայէլ Ուզէ Համապարփակ  Պատերազմ Մղել, Մենք Անոր Պատրաստ Ենք»

Քասեմ. «Որոշեցինք Պատերազմը Չընդլայնել, Սակայն Եթէ Իսրայէլ Ուզէ Համապարփակ Պատերազմ Մղել, Մենք Անոր Պատրաստ Ենք»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց. «Եթէ Իսրայէլ ուզէ համապարփակ պատերազմ մղել, մենք անոր պատրաստ ենք»: «Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ պատերազմի որեւէ ընդլայնում պիտի յանգեցնէ Իսրայէլի մէջ աւերի, քանդումի եւ տեղահանութեան», շեշտեց շէյխ Քասեմ: Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Դիմադրութիւնը պատրաստ է ճակատամարտին, եւ Իսրայէլին պիտի չարտօնէ որեւէ յաղթանակ արձանագրել»: «Մեր...

Բրիտանիոյ Դեսպանատունը Կը Հերքէ,  Թէ Այս Ամսուան Համար Լիբանանի Մէջ Իսրայէլեան  Զինուորական Գործողութեան  Ակնարկութիւն Կատարած Է

Բրիտանիոյ Դեսպանատունը Կը Հերքէ, Թէ Այս Ամսուան Համար Լիբանանի Մէջ Իսրայէլեան Զինուորական Գործողութեան Ակնարկութիւն Կատարած Է

Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան բանբերը «Արապի Ժատիտ»-ին յայտնած է. «Բրիտանիան իրաւունք չունի իսրայէլեան զինուորական ծրագրաւորման մեկնաբանութիւն կատարելու»: «Կը մերժենք այն տեղեկատուութիւնները, որոնք նշեցին, թէ Բրիտանիան ակնարկած է, առաւել եւս լիբանանեան իշխանութիւններուն դիւանագիտական նամակ յղած է, թէ Իսրայէլ յունիսին զինուորական գործողութիւն պիտի շղթայազերծէ», նշած է դեսպանատան բանբերը: Ան շեշտած է, որ իր երկիրը կը շարունակէ երկու կողմերուն հետ աշխատիլ` հանդարտեցնելու համար...

«Ելեկտրոնային Կպչուն Պիտակները  Ապահովուած Եւ Պարտադիր Են»  Կ՛ըսէ Ինքնաշարժներու Շրջագայութեան  Կառավարման Խորհուրդը

«Ելեկտրոնային Կպչուն Պիտակները Ապահովուած Եւ Պարտադիր Են» Կ՛ըսէ Ինքնաշարժներու Շրջագայութեան Կառավարման Խորհուրդը

Ինքնաշարժներու շրջագայութեան կառավարման խորհուրդը յայտարարեց, որ ելեկտրոնային կպչուն պիտակները 22-10-2012 թուականի թիւ 243 օրէնքի (երթեւեկի նոր օրէնքի) 145-րդ եւ 154-րդ յօդուածներուն հիմամբ պարտադիր են: Խորհուրդը շեշտեց, որ այդ պիտակները անվտանգութեան առումով անհրաժեշտութիւն են, ինչպէս նաեւ երթեւեկի տարեկան տուրքը վճարած ըլլալու յաւելեալ փաստ մը: Ինչ կը վերաբերի ելեկտրոնային կպչուն պիտակներու յանձնման ատեն գումարի գանձման, ապա ատիկա ճշդուած է խորհուրդի 05-09-2023 թուականի...

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարի Գործակատարը Այցելեց Լիբանան

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարի Գործակատարը Այցելեց Լիբանան

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարի գործակատար Ալի Պաքրի Քանին, որ երէկ պաշտօնական այցելութեամբ հասաւ Պէյրութ: Պու Հապիպ Քանիի հետ երկարատեւ դէմ առ դէմ հանդիպում մը, որուն յաջորդեց իրանեան պատուիրակութեան եւ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու մասնակցութեամբ ընդլայնուած ժողով մը: Պու Հապիպ հանդիպումի աւարտին միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին...

Պըրրի. «Լիբանանը Այս Ճակատումէն  Յաղթական Դուրս Պիտի Գայ»

Պըրրի. «Լիբանանը Այս Ճակատումէն Յաղթական Դուրս Պիտի Գայ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի ներկայացուցած առաջարկը ընդունելի կը թուի, եւ կարելի է անոր վրայ հիմնուիլ, թէկուզ եթէ անոր վերաբերեալ շարք մը նկատումներ գոյութիւն ունին»: «Պայտըն այլեւս կարիքը ունի Կազայի մէջ պատերազմի դադրեցման` մեկնելով ամերիկեան նախագահական ընտրութեան առնչուած հաշիւներէ, եւ ան կը զգայ, որ այս պատերազմի շարունակութիւնը իր վրայ ճնշումի ազդակի կը վերածուի, մասնաւորաբար ամերիկեան...

«Երբ Պըրրի Անուանացանկի Մասին Կը Խօսի,  Ատիկա Մէկէ Աւելի Թեկնածուի Շուրջ  Համաձայնութեան Դուռը Կը Բանայ»  Կ՛ըսէ Եգիպտոսի Դեսպանը

«Երբ Պըրրի Անուանացանկի Մասին Կը Խօսի, Ատիկա Մէկէ Աւելի Թեկնածուի Շուրջ Համաձայնութեան Դուռը Կը Բանայ» Կ՛ըսէ Եգիպտոսի Դեսպանը

Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա յայտնեց, որ ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիանի Լիբանան այցելութիւնը Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակին հետ համակարգուած եւ համագործակցութեամբ էր: Ան նշեց, որ Լը Տրիանի տպաւորութիւնը դրական էր, եւ ան մասամբ հանգստացած է քաղաքական ուժերէն իր լսած կարծիքներէն, որովհետեւ կը կարծէ, որ կրնայ այդ կեցուածքներուն վրայ հիմնուելով նախագահի ընտրութեան թղթածրարին մէջ յառաջընթաց արձանագրել: Մուսա պատկերասփռուած...

«Պէտք Է Հիւսիսի Մէջ Արշաւ Շղթայազերծել  Եւ Հըզպալլան Ու Հարաւային Լիբանանի  Բնակիչները Լիթանիէն Անդին Վտարել»  Կ՛ըսէ Իսրայէլի Կրթութեան Նախարարը

«Պէտք Է Հիւսիսի Մէջ Արշաւ Շղթայազերծել Եւ Հըզպալլան Ու Հարաւային Լիբանանի Բնակիչները Լիթանիէն Անդին Վտարել» Կ՛ըսէ Իսրայէլի Կրթութեան Նախարարը

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի կրթութեան նախարար Հայիմ Պիթոն յայտնած է. «Պէտք է հիւսիսի մէջ արշաւ շղթայազերծել եւ Հըզպալլան ու հարաւային Լիբանանի բնակիչները Լիթանիէն անդին վտարել»: «Կը կարծեմ, որ կարելի է այդ նպատակը իրագործել, որովհետեւ Կազայի մէջ կացութիւնը 3 զօրամասերու ներկայութիւնը չի պահանջեր», աւելցուց ան: Նախքան այդ, իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ աւարտած է հիւսիսային ճակատի վրայ մարտունակութիւնը բարձրացնելու...

Սէյիտ Նասրալլա. «Նեթանիահուն Եւ Անոր Գիժերը  Կը Շարունակեն Ցեղասպանութիւնը` Աշխարհին  Ցուցաբերած Լռութեան Ներքեւ»

Սէյիտ Նասրալլա. «Նեթանիահուն Եւ Անոր Գիժերը Կը Շարունակեն Ցեղասպանութիւնը` Աշխարհին Ցուցաբերած Լռութեան Ներքեւ»

Իսլամ քարոզիչ շէյխ Ալի Քորանիի մահուան յիշատակին առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա անցեալ շաբաթավերջին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը: Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Իսրայէլ այս շրջանին մէջ ապագայ չունի` աւելցնելով, որ ան իր տեսակով եւ բնութեամբ պատերազմի, բռնարարքներու եւ սադրանքներու բնօրրան է: «Մեր պատասխանատուութիւնն է ճիգ չխնայել եւ միշտ աշխատիլ, որպէսզի քաղցկեղային այս գեղձը վերացնենք շրջանէն», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:...

Պըրրի. «Նախագահական Ընտրութեան Տագնապը Պիտի Լուծուի Համախոհութեան Սեղանին Շուրջ Նստելով»

Պըրրի. «Նախագահական Ընտրութեան Տագնապը Պիտի Լուծուի Համախոհութեան Սեղանին Շուրջ Նստելով»

Մինչ ամերիկացի բանագնաց, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի աւագ խորհրդական Էյմըս Հոքշթայն կը ջանայ Պէյրութի եւ Թել Աւիւի միջեւ անուղղակի բանակցութիւնները աշխուժ պահել` յանգելու համար հարաւային Լիբանանի կայունութեան վերահաստատումին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի անդրադառնալով Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ցամաքային սահմանազատման յայտարարութեան, կ՛ըսէ, թէ անիկա պայմանաւորուած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեամբ, սահմանային վիճելի կէտերու կարգավիճակի ճշդումով եւ Լիբանանի...

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Անձնական Նոր Նշանակուած Ներկայացուցիչը Հասաւ Պէյրութ

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Անձնական Նոր Նշանակուած Ներկայացուցիչը Հասաւ Պէյրութ

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի նոր նշանակուած անձնական ներկայացուցիչ Ժանին Հենիս Փլասխարթ շաբաթավերջին հասաւ Պէյրութ: Փլասխարթ Պէյրութի մէջ պիտի ստանձնէ իր նոր պաշտօնը: Ժամանումի պահուն ան հաստատեց, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ ծառայելու համար խաղաղութեան եւ երկրին ապահովական կայունութեան: Ան աւելցուց, որ ինք աշխուժ ու մտերմիկ գործակցութիւն կը փափաքի ունենալ լիբանանեան իշխանութիւններուն եւ երկիրը ղեկավարող բոլոր հեղինակութիւններուն հետ,...

Դիմադրութեան Մարտիկները Վար Առին  Իսրայէլեան Անօդաչու Թռչող Սարք Մը

Դիմադրութեան Մարտիկները Վար Առին Իսրայէլեան Անօդաչու Թռչող Սարք Մը

Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքեր Հարաւային Լիբանանի Հուլա գիւղաքաղաքին մէջ երէկ կէսօրին ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին ինքնաշարժ մը` պատճառելով երկու զոհեր: Ատլունի մէջ իսրայէլեան ռմբակոծումին պատճառով զոհուեցաւ քաղաքացի մը, եւ վիրաւորուեցան 4 ուրիշներ: Աքասիա-Մաժտալ Սըլմ ճամբուն վրայ իսրայէլեան ռմբակոծումի մը պատճառով արձանագրուեցան երկու վիրաւորներ: Միւս կողմէ, իսրայէլեան հրետանին Մէյսել Ժապալ գիւղաքաղաքը թիրախ դարձուց ռմբակոծումի: Իսրայէլեան ուժերը ամբողջ շաբաթավերջին ռմբակոծեցին նաեւ Քֆարքիլա, Հարուֆ,...

Ռաշիտ Քարամէի Սպանութեան 37-րդ Տարելից.  Ֆայսալ Քարամէ. «Ան Քաջ Գիտէր, Որ Լիբանան Երկխօսութեան Հայրենիք Է, Եւ Այդ Երկխօսութիւնն Է Տագնապներու Լուծման Միակ Միջոցը»

Ռաշիտ Քարամէի Սպանութեան 37-րդ Տարելից. Ֆայսալ Քարամէ. «Ան Քաջ Գիտէր, Որ Լիբանան Երկխօսութեան Հայրենիք Է, Եւ Այդ Երկխօսութիւնն Է Տագնապներու Լուծման Միակ Միջոցը»

Արժանապատուութիւն հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ իր հօրեղբօր` նախկին վարչապետ Ռաշիտ Քարամէի սպանութեան 37-րդ տարելիցին առիթով արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ Ռաշիտ Քարամէ սպաննուեցաւ յանուն Լիբանանի միասնականութեան եւ արաբականութեան: Ան շեշտեց, որ ներկայիս արձանագրուած իրադարձութիւնները Լիբանանի եւ արաբական աշխարհին մէջ հպարտալի են` հաստատելով, որ Դիմադրութիւնը կը պայքարի սիոնական գոյացութեան դէմ` ի խնդիր արաբական աշխարհին եւ պաղեստինցի ժողովուրդի իրաւունքներուն...

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Կը Դրուատէ Մուսուլը Ազատագրելու  Գործողութիւնը Եւ Կը Դատապարտէ  Սինայի Դէմ Յարձակումը

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Դրուատէ Կազայի Մէջ Պատերազմը Կասեցնելու Մասին Պայտընի Յայտարարութիւնը

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշէ, թէ Կազայի մէջ պատերազմը կասեցնելու անհրաժեշտութեան մասին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի յայտարարութիւնները ողջունելի են: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ այդ յայտարարութիւնները առիթ կը ստեղծեն զոյգ պետութիւններու հիման վրայ լուծելու Արաբական հարցը` հիմնուելով միջազգային որոշումներուն եւ օրինականութեան վրայ, ինչպէս նաեւ գործադրելով 2002-ին Արաբական լիկային կողմէ յայտարարուած Խաղաղութեան...

Page 201 of 986 1 … 200 201 202 … 986

Արխիւներ