Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Լիբանանը Այս Ճակատումէն Յաղթական Դուրս Պիտի Գայ»

June 4, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի ներկայացուցած առաջարկը ընդունելի կը թուի, եւ կարելի է անոր վրայ հիմնուիլ, թէկուզ եթէ անոր վերաբերեալ շարք մը նկատումներ գոյութիւն ունին»:

«Պայտըն այլեւս կարիքը ունի Կազայի մէջ պատերազմի դադրեցման` մեկնելով ամերիկեան նախագահական ընտրութեան առնչուած հաշիւներէ, եւ ան կը զգայ, որ այս պատերազմի շարունակութիւնը իր վրայ ճնշումի ազդակի կը վերածուի, մասնաւորաբար ամերիկեան հասարակութեան տրամադրութեան մէջ նոր յառաջացած փոփոխութեան լոյսին տակ, ինչ որ կ՛երեւի համալսարաններուն մէջ աննախադէպ ուսանողական ցոյցերուն ընդմէջէն», «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ Պըրրի:

«Առաջարկին մէջ կան կէտեր, որ պաղեստինեան դիմադրութեան համար ձեռքբերում են եւ անոր տոկունութեան արդիւնք», ըսաւ ան` նշելով. «Այժմ գնդակը ամբողջութեամբ դաշտին մէջ է Պենիամին Նեթանիահուին, որ խայտառակուեցաւ եւ նեղ կացութեան մատնուեցաւ»:

«Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման պարագային, ատիկա ինքնաբերաբար պիտի տարածուի հարաւային (Լիբանանի) ճակատին վրայ, եւ յաջորդ օրը ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնը հոս պիտի ըլլայ` շարունակելու բռնագրաւեալ Պաղեստինի հետ սահմաններուն վրայ կացութեան ապագայի ճշդումը», ըսաւ խորհրդարանի նախագահը:

Պըրրի բացայայտեց, որ Հոքշթայնի հետ փոխադարձ հասկացողութեան մէջ բաւական ճամբայ կտրուած է, ինչ կը վերաբերի կարգ մը սկզբունքներու, որոնց վրայ պիտի հիմնուի վերջնական որեւէ համաձայնութիւն, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի Իսրայէլի հեռացումին` սահմանային կարգ մը կէտերէն, որոնք տակաւին բռնագրաւուած կը պահուին:

Ան կարգ մը տեսաբաններուն կոչ ուղղեց` «տարբերակելու Լիբանանի ցամաքային իրաւունքներու վերականգնումին ու սահմանագծումին միջեւ, որ որեւէ քննարկումէ դուրս է, որովհետեւ հաստատուած եւ աւարտած է»:

Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին վրայ` իբրեւ «լիբանանեան ճակատին վրայ պատերազմէն ետք յաջորդ օրը» միակ կարգաւորողը:

«Այդ որոշումը այստեղ` գրասենեակիս մէջ ստեղծուեցաւ, եւ մենք կառչած ենք անոր հաւասարակշռուած գործադրութեան սկզբունքին, որովհետեւ իսրայէլեան գոյացութիւնը 2006-ին անոր որդեգրումէն ետք տասնեակ հազարաւոր անգամներ ոտնահարած է լիբանանեան գերիշխանութիւնը, եւ որոշումին հիմամբ, անկէ կը պահանջուի ամբողջովին դադրեցնել ցամաքի, օդի եւ ծովու ճամբով մեր գերիշխանութեան ոտնահարումն ու բռնագրաւեալ Մազարեհ Շեպաայէն ու Քֆարշուպայի բարձունքներէն հեռանալ, եւ մենք եւս պիտի գործադրենք մեզմէ պահանջուածը», յայտնեց ան:

Ինչ կը վերաբերի նախագահի ընտրութեան թղթածրարին, Պըրրի յայտնեց, որ ինք ճկունութիւն ցուցաբերած է եւ ընդառաջած Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակի աշխատանքին` աւելցնելով. «Խնդրեցին, որ երկխօսութիւնը խորհրդակցութեամբ փոխարինեմ, ուստի չառարկեցի եւ անոնց ու ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիանին ըսի, որ խորհրդակցութիւնը, հաղորդակցութիւնը, հանդիպումը, քննարկումը բոլորն ալ երկխօսութեան հոմանիշներ են, ուստի խնդիր չկայ»:

«Գոյութիւն ունին հաստատ սկզբունքներ, որոնք կարելի չէ շրջանցել, անոնք ձեւական չեն, ինչպէս ոմանց կը թուի, այլ հաստատութենական կանոններ», ըսաւ Պըրրի` աւելցնելով. «Որեւէ խորհրդակցութեան բնական վայրը խորհրդարանն է, եւ խորհրդարանը հաստատութիւն մըն է, որ նախագահ ունի, եւ նախագահը, ինչ ալ ըլլայ անոր անունը, իրաւասութիւնը ունի պլոքներուն միջեւ խորհրդակցական նիստի նախագահելու: Այս իրաւունքը անձնական սեփականութիւն մը չէ, որ կարենամ անկէ հրաժարիլ, այլ առնչուած է դիրքին ու անոր իրաւասութիւններուն»:

Մեկնաբանելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հնչեցուցած այն իրերայաջորդ մեղադրանքներուն, որ խորհրդարանը կը կրէ նախագահի ընտրութեան խոչընդոտման պատասխանատուութիւնը, Պըրրի ըսաւ. «Յստակ դարձաւ, որ Ժահժահ ո՛չ երկխօսութիւն կ՛ուզէ, ո՛չ ալ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը` փորձելով հարցերը մղել դէպի դաշնակցային դրութեան որդեգրում, որմէ չհրաժարեցաւ, եւ դժբախտաբար այդ անձը տակաւին «հաստատաբար Հալաթ»-ի մէջ կը բնակի»:

Պըրրի դատապարտեց Ժահժահի` իսրայէլեան յարձակումներէն վնասներ կրած հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն նիւթական փոխհատուցման տրամադրման կառավարութեան որոշումը մերժելը` նշելով. «Հարաւի բնակիչները արժանի են փոխհատուցումներուն, որոնց արժէքը միլիոն տոլարը չ՛անցնիր, որովհետեւ փոխան ամբողջ Լիբանանի կը վճարեն իսրայէլեան թշնամիի դիմակայման գինը: Անշուշտ, ամբողջ Լիբանանի պարտաւորութիւնն է նպաստել վերակառուցման եւ փոխհատուցել վնասները»:

Լիբանանեան ուժերու ղեկավարը երէկ հակադարձեց Պըրիին եւ ըսաւ, որ հարաւային Լիբանանի բնակիչները Իրանի դիրքը պահպանելու գինը կը վճարեն:

«Պըրրի վար առաւ իր դիմակը եւ կը փորձէ սահմանադրական նոր յօդուած ստեղծել», նշեց Ժահժահ:

 

Նախորդը

«Երբ Պըրրի Անուանացանկի Մասին Կը Խօսի, Ատիկա Մէկէ Աւելի Թեկնածուի Շուրջ Համաձայնութեան Դուռը Կը Բանայ» Կ՛ըսէ Եգիպտոսի Դեսպանը

Յաջորդը

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարի Գործակատարը Այցելեց Լիբանան

RelatedPosts

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տեսակցեցաւ Պըն Ֆարհանի Հետ
Լիբանանեան

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տեսակցեցաւ Պըն Ֆարհանի Հետ

September 28, 2026
Հըզպալլա Ոգեկոչեց Սէյիտ Հասան Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Սպանութեան Երկրորդ Տարելիցի Յիշատակը
Լիբանանեան

Հըզպալլա Ոգեկոչեց Սէյիտ Հասան Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Սպանութեան Երկրորդ Տարելիցի Յիշատակը

September 28, 2026
Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»
Լիբանանեան

Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.