Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երբ Պըրրի Անուանացանկի Մասին Կը Խօսի, Ատիկա Մէկէ Աւելի Թեկնածուի Շուրջ Համաձայնութեան Դուռը Կը Բանայ» Կ՛ըսէ Եգիպտոսի Դեսպանը

Յունիս 4, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա յայտնեց, որ ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիանի Լիբանան այցելութիւնը Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակին հետ համակարգուած եւ համագործակցութեամբ էր:

Ան նշեց, որ Լը Տրիանի տպաւորութիւնը դրական էր, եւ ան մասամբ հանգստացած է քաղաքական ուժերէն իր լսած կարծիքներէն, որովհետեւ կը կարծէ, որ կրնայ այդ կեցուածքներուն վրայ հիմնուելով նախագահի ընտրութեան թղթածրարին մէջ յառաջընթաց արձանագրել:

Մուսա պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ արդիւնքի հասնելու համար խորհրդակցութիւնները բնական են, եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի այդ խորհրդակցութիւններուն նախագահելու վերաբերեալ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեսակէտը աննախադէպ է:

Ան ըսաւ, որ քաղաքական աշխատանքը կը շարունակուի, եւ Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակի դեսպանները պէտք է յաղթահարեն խոչընդոտները, «եւ մենք կ՛ընկալենք այն ամէնը, որ քաղաքական ուժերէն մեզի կու գայ»:

Եգիպտոսի դեսպանը հաղորդեց, որ Լը Տրիան` խօսելով Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատի հետ իր հանդիպումի մասին, Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակի դեսպաններուն ըսած է, թէ երեսփոխան Ռաատ նախագահի ընտրութեան թղթածրարը շրջանին մէջ ընթացող պատերազմէն անջատելու նկատմամբ յանձնառութիւն յայտնած է, «եւ երբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի անուանացանկի մասին կը խօսի, ատիկա կը նշանակէ, թէ ան դուռը կը բանայ մէկէ աւելի կամ մէկ թեկնածուի շուրջ համաձայնութեան գոյացման դիմաց»` աւելցնելով, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին նախագահ Ուալիտ Ժոմպլաթ վարպետ քաղաքագէտ է, եւ անոր կատարած աշխատանքը կրնայ լաւ տեղ առաջնորդել:

Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա նշեց, որ եթէ կ՛ուզես քու շահերդ պաշտպանել, պէտք է կայուն կացութեան մէջ ըլլաս, եւ Լիբանանի մէջ նախագահի գոյութիւնը պիտի նպաստէ երկրի շահերուն իրագործման համար Լիբանանի դիրքերու ամրապնդման:

Դեսպանը աւելցուց, որ Կազայի իրադարձութիւնները պէտք չէ ազդեն հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան թղթածրարին վրայ:

 

Նախորդը

«Պէտք Է Հիւսիսի Մէջ Արշաւ Շղթայազերծել Եւ Հըզպալլան Ու Հարաւային Լիբանանի Բնակիչները Լիթանիէն Անդին Վտարել» Կ՛ըսէ Իսրայէլի Կրթութեան Նախարարը

Յաջորդը

Պըրրի. «Լիբանանը Այս Ճակատումէն Յաղթական Դուրս Պիտի Գայ»

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց  Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան  Փաստաթուղթը Չընդունինք»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?