Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Համապարփակ Պատերազմին Չենք Զօրակցիր, Եւ Լարուածութեան Մագլցումը Մեզ Կը Մտահոգէ»

Յունիս 6, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուաշինկթըն մտահոգութիւն յայտնեց Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ լարուածութեան աճին նկատմամբ: Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանն ալ հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլէն պահանջած են Համաս շարժումին հետ գերիներու փոխանակման հաւանական գործարքը ամբողջացնելէ առաջ Հըզպալլայի դէմ մագլցումի չդիմել:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Մեթիու Միլլըր յայտնեց, որ իրենք մտահոգութիւն կը զգան իսրայէլացի զինուորական պաշտօնատարներու այն պատգամներէն, թէ Հըզպալլայի վրայ յարձակումի եւ շրջանին մէջ լարուածութիւնը մագլցումի մղելուն կը պատրաստուին:

«Հըզպալլայի հետ համապարփակ պատերազմին չենք զօրակցիր, եւ այս տագնապին մէջ լարուածութեան մագլցումը մեզ կը մտահոգէ: 7 հոկտեմբերէն ի վեր կը ջանայինք զայն վերահսկողութեան տակ պահել», յայտնեց Միլլըր:

«Ոչ ոք շրջանային մակարդակի վրայ տագնապի մթնոլորտ կ՛ուզէ, երբ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման ջանք կը թափուի», շեշտեց ան` աւելցնելով. «Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ լարուածութիւնը, որ մերթ ընդ մերթ կը բարձրանայ, կարելի չէ տագնապի ճամբով լուծել, այլ խնդիրները պէտք է միայն դիւանագիտութեան ճամբով լուծել»:

Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ամերիկեան վարչակազմէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը իր թղթակից Ամիհայ Շթայնին յայտնած է, որ Ուաշինկթըն Իսրայէլէն պահանջած է Հըզպալլայի դէմ մագլցումի չդիմել` աւելցնելով, որ ասիկա առաջին անգամը չէ, որ ամերիկեան վարչակազմը վերջին ամիսներու ընթացքին Թել Աւիւին այսպիսի պահանջ ներկայացուցած է:

«Սակայն այս անգամ այդ պահանջին գլխաւոր պատճառ մը գոյութիւն ունի. մենք առեւանգեալներու ազատ արձակման շուրջ հաւանական գործարքի հասնելէն օրեր առաջ ենք: Գոյութիւն ունի այն վարկածը, որ Կազայի մէջ հաւանական զինադադար մը կրնայ ազդել հիւսիսի մէջ կռիւին վրայ եւ թերեւս այդտեղ զինադադարի առաջնորդել», նշած է լրագրողը:

Լրագրողը նաեւ հաղորդած է, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն իր կարգին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին յայտնած է, որ Հըզպալլայի հետ կացութիւնը պէտք չէ մագլցումի ենթարկել:

Կանց. «Լիբանանի Հետ Հիւսիսային Ճակատը
Գործողութենական Մեծագոյն Մարտահրաւէրն Է»

Իսրայէլեան Ազգային ճամբար կուսակցութեան ղեկավար, Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի անդամ Պենի Կանց յայտնեց, որ հիւսիսային ճակատը Թել Աւիւի համար գործողութենական մեծագոյն մարտահրաւէրն է` նշելով. «Այստեղ կարելի չէ տարի մը եւս կորսնցնել»:

Կանց Իսրայէլի հիւսիսը գտնուող Նահարայա քաղաք այցելելով յայտարարեց. «Ես այստեղ եմ հիւսիսի մէջ շրջապտոյտի ծիրին մէջ: Ես ամիսներէ ի վեր կառավարութեան մէջ, վարչապետին եւ բոլորին հետ կը կռուիմ, եւ 1 սեպտեմբերին պիտի աւարտենք այստեղի առաքելութիւնը, եւ կարող պիտի դառնանք մէկ այլ բան սկսիլ»:

Ան աւելցուց, որ ատիկա «կա՛մ համաձայնութեան, կա՛մ մագլցումի ճամբով» պիտի կատարուի` շեշտելով. «Այստեղ տարի մը եւս կարելի չէ կորսնցնել»:

Հալեւի. «Մենք Պատրաստ Ենք Յարձակելու,
Եւ Որոշումի Որդեգրման Կէտին Կը Մօտենանք»

Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Հերցի Հալեւի շեշտեց, որ բանակը պատրաստ է «հիւսիսի մէջ Լիբանանի հետ սահմանին վրայ յարձակումի անցնելու»:

Հալեւի հիւսիսի մէջ շրջապտոյտի ընթացքին հանդիպում ունեցաւ հիւսիսի մէջ Հըզպալլայի կողմէ բուռն հրթիռակոծման պատճառով յառաջացած հրդեհներու դէմ պայքարած ուժերու ղեկավարներուն հետ:

«Կը մօտենանք այն կէտին, ուր պէտք է որոշումը տանք, եւ բանակը լաւապէս պատրաստ է այդ որոշումին», ըսաւ Հալեւի` աւելցնելով. «Մենք 8 ամիսէ ի վեր յարձակում կը գործենք Հըզպալլայի վրայ, եւ Հըզպալլան շատ սուղ գին կը վճարէ»:

«Հըզպալլան հարուածներու կշռոյթը բարձրացուց, եւ մենք մարզումներ ներառող շատ լաւ գործողութենէ եւ նոյնիսկ սպայակոյտի մակարդակով վարժանքէ ետք պատրաստ ենք հիւսիսի մէջ յարձակումի անցնելու», յայտնեց իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետը:

«Պաշտպանական ուժեղ կացութիւն եւ յարձակելու պատրաստութիւն. մենք կը մօտենանք որոշումը տալու կէտին», նշեց Հալեւի:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Միքաթի. «Այն, Ինչ Որ Սինիորան Երկրին Անունով Բանակցելու Թղթածրարը Պըրրիի Յանձնելու Մասին Ըսաւ, Ճշմարտութեան Հակառակ Է»

Յաջորդը

Հըզպալլան Անօդաչու Թռչող Սարքերով Հարուածեց Արեւմտեան Գալիլիոյ Հարֆիշ Շրջանը

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?