Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի: ԻՍԼԱՄ հոգեւոր պետերու խորհուրդը շաբաթավերջին Տար Ֆաթուայի մէջ գումարեց իր ժողովը` նախագահութեամբ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի: Ժողովը ընդգծեց լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը պահպանելու եւ Թաէֆի համաձայնագիրը գործադրելու կարեւորութիւնը: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը «Հայրենիքի վերանորոգում» խորագիրը կրող խորհրդաժողովին ընթացքին հաստատեց, որ Լիբանան...

Լը Տըրիան Պէյրութէն Մեկնեցաւ Առանց Երկրին  Քաղաքական Տագնապին Մէջ Բեկում Մը Յառաջացնելու

Լը Տըրիան Պէյրութէն Մեկնեցաւ Առանց Երկրին Քաղաքական Տագնապին Մէջ Բեկում Մը Յառաջացնելու

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ֆրանսական դիւանագիտական աղբիւրներէն, կը հաղորդէ, որ Լիբանանի համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան Պէյրութ կատարած իր այցելութենէն ետք մեկնած է առանց երկրին քաղաքական տագնապին մէջ բեկում մը յառաջացնելու, որովհետեւ լիբանանեան քաղաքական իւրաքանչիւր ուժ կառչած կը մնայ իր կեցուածքներուն: Նոյն աղբիւրը ընդգծած է, որ Լը Տըրիան լիբանանցի պատասխանատուները զգուշացուցած է,...

Պըրրիի Պայսարիի Հետ Քննարկեց  Լիբանանի Ապահովական Իրավիճակը

Պըրրիի Պայսարիի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Ապահովական Իրավիճակը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ապահովական իրավիճակը: Պըրրիի այցելեցին նաեւ Պաալպեք-Հերմելի ու Զահլէի եւ Պեքաայի միւֆթիներ շէյխ Պաքր Ռիֆային եւ շէյխ Ալի Ղազզաուին: Քննարկուեցան վերոնշեալ շրջաններուն մէջ տիրող իրավիճակն ու կարիքները:

Հոքշթայն Իր Պատասխանը Կրնայ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեամբ Փոխանցել

Հոքշթայն Կ՛ընդգծէ Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Համաձայնութեան Մը Յանգելու Ուղղութեամբ Իր Աշխատանքը Շարունակելու Յանձնառութիւնը

Հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն հսկող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ցամաքային սահմանագծումի շուրջ համաձայնութեան մը յանգելու ուղղութեամբ իր աշխատանքը շարունակելու յանձնառու կը մնայ` աւելցնելով, որ այդ սահմանագծումը կրնայ մեղմացնել երկու երկիրներուն միջեւ արիւնալի բախումները: «Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ մնայուն խաղաղութիւն վկայելու ակնկալութիւն չունիմ, սակայն եթէ կարենանք որոշ...

Միքաթի Քըրըմի Հետ Քննարկեց Բջիջային  Հեռաձայնի Հաղորդակցութեան Վերաբերող Հարցեր

Միքաթի Քըրըմի Հետ Քննարկեց Բջիջային Հեռաձայնի Հաղորդակցութեան Վերաբերող Հարցեր

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ իրլանտացի իր պաշտօնակիցին` Սայմըն Հերիսի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան-իրլանտական երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հաղորդակցութեան ընթացքին Միքաթի բարձր գնահատեց Իրլանտայի կեցուածքը` Պաղեստինը իբրեւ անկախ ու գերիշխան պետութիւն ճանչնալու առումով: Միւս կողմէ, Միքաթի հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութենէն պահանջեց օրէնքը գործադրել եւ Լիբանանի մէջ բջիջային հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ապօրինի կերպով օգտուողներուն դէմ քայլերու դիմել: Իր կարգին, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 5000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 5000 լ. ոսկիով, մազութինը` 1000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը փոփոխութիւն չէ կրած: Հետեւաբար վառելանիւթի նոր սակերն են. 95...

Լը Տըրիան Շարունակեց Լիբանանցի Քաղաքական Անձնաւորութիւններու Հետ Իր Հանդիպումները

Լը Տըրիան Շարունակեց Լիբանանցի Քաղաքական Անձնաւորութիւններու Հետ Իր Հանդիպումները

Լիբանանի համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան շարունակեց Պէյրութի մէջ իր հանդիպումները քաղաքական անձնաւորութիւններուն հետ: Անկախ քաղաքական անձնաւորութիւններէն Լը Տըրիան, ընկերակցութեամբ` Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի, այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ: Հանդիպումէն ետք Լը Տըրիան յայտարարութիւն չկատարեց, սակայն ֆրանսական դեսպանատան մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին յաճախ կրկնեց,...

Միքաթի Քննարկեց Լիբանանի Ընդհանուր Եւ Ապահովական Իրավիճակը

Միքաթի Քննարկեց Լիբանանի Ընդհանուր Եւ Ապահովական Իրավիճակը

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ապահովական իրավիճակը: Միքաթի ընդունեց նաեւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասանը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւններն ու սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին վերաբերող հարցեր` Պրիւքսելի խորհրդաժողովի արդիւնքներուն լոյսին տակ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Միքաթիին` Լիբանանի կառավարութեան եւ Միջազգային դրամատան միջեւ համաձայնագիրը վերանորոգելու...

Ֆրանսական-Ամերիկեան Վեհաժողովի Նախօրեակին` Պու Հապիպ-Սեժուրնէ Հանդիպում

Ֆրանսական-Ամերիկեան Վեհաժողովի Նախօրեակին` Պու Հապիպ-Սեժուրնէ Հանդիպում

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Սեժուրնէի հետ: Պու Հապիպ շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսային` Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերուած մնայուն հոգատարութեան եւ զօրակցութեան համար, յատկապէս զայն ֆրանսական օրակարգի կարեւորագոյն բաժիններէն նկատելու առումով: Պու Հապիպ անդրադարձաւ բոլոր այն դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն, որոնք հետեւանք են սուրիացի տեղահանուածներուն ներկայութեան: Ան վերահաստատեց,...

ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Հիմնադրութեան 46-Ամեակին Առիթով. «Բոլոր Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղենք Յանձնառու Մնալու Թիւ 1701 Բանաձեւի Ամբողջական Գործադրութեան» Շեշտեց Զօր. Առոլտօ Լասարօ

Զօր. Լասարօ. «Թիւ 1701 Բանաձեւին Գործադրութեան Նկատմամբ Յանձնառութիւնը Պէտք Է Վերահաստատել»

Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Արոլտօ Լասարօ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերուն նուիրուած միջազգային օրուան առիթով կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ յայտնեց, թէ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը 49 տարիէ ի վեր կը գտնուին Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ եւ կը կեդրոնանան բախումները հակակշռելու եւ ընդարձակ պատերազմը կանխարգիլելու նպատակին վրայ: Զօր. Լասարօ հաստատեց, որ խաղաղապահ ուժերը կը շարունակեն իրենց աշխատանքը` գործադրելու...

Լը Տըրիան Պէյրութի Մէջ.   Պըրրի Վերստին Կոչ Ուղղեց Առանց Նախապայմանի Միջլիբանանեան Երկխօսութեան` Ընտրելու Համար Հանրապետութեան Նախագահը

Լը Տըրիան Պէյրութի Մէջ. Պըրրի Վերստին Կոչ Ուղղեց Առանց Նախապայմանի Միջլիբանանեան Երկխօսութեան` Ընտրելու Համար Հանրապետութեան Նախագահը

Լիբանանի համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան նախանցեալ օր միօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ երկրին իշխանութեան զոյգ պետերուն եւ լիբանանեան քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն հետ: Երէկ կէսօրին Լը Տըրիան այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի, Պըրրիի խորհրդատու Մահմուտ Պըրրիի...

Դիմադրութեան Եւ Հարաւային Լիբանանի Ազատագրման Տօնին Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

Դիմադրութեան Եւ Հարաւային Լիբանանի Ազատագրման Տօնին Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Դիմադրութեան եւ հարաւային Լիբանանի ազատագրման տօնին առիթով, ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Հարաւային Լիբանանը ուզեցին պահել իբրեւ բռնագրաւուած տարածք, սակայն անիկա վերածուեցաւ ազատագրուած հողի»:

Պըրրի Զօր. Լասարոյի Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Իրավիճակը

Պըրրի Զօր. Լասարոյի Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Իրավիճակը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Արոլտօ Լասարոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը` իսրայէլեան ուժերուն կողմէ շարունակուող բռնարարքներուն լոյսին տակ: Պըրրիի այցելեց նաեւ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի բարձրագոյն յանձնակատար Ֆիլիփ Լազարինին` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի պատասխանատու Տորըթի Քլաուսի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան գաղթականներուն հարցերը եւ անոնց տրամադրուած ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի օժանդակութիւնները:...

Կառավարութիւնը Տուաւ Շարք Մը Որոշումներ Եւ Օրակարգի Վրայ Պահեց Սուրիոյ Կառավարութեան Հետ Գործակցող Յանձնախումբ Մը Յառաջացնելու Քայլը

Կառավարութիւնը Տուաւ Շարք Մը Որոշումներ Եւ Օրակարգի Վրայ Պահեց Սուրիոյ Կառավարութեան Հետ Գործակցող Յանձնախումբ Մը Յառաջացնելու Քայլը

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երեքշաբթի, 28 մայիս 2024-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, վարչապետարանին մէջ  նախագահեց ընթացիկ հարցերու կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան շարք մը հարցեր եւ տրուեցան շարք մը որոշումներ: Նիստին ընթացքին Միքաթի յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին լսել բոլոր կեցուածքները, եւ կոչ ուղղեց բոլոր կողմերուն յայտնելու իրենց տեսակէտը: Նիստէն ետք կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի յայտարարեց կառավարութեան...

Ամերիկացի Դեսպանը Այցելեց Զօր. Աունի Եւ Օսմանի

Ամերիկացի Դեսպանը Այցելեց Զօր. Աունի Եւ Օսմանի

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսըն այցելեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկիրը յուզող հարցերը: Ճոնսըն այցելեց նաեւ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի: Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող շարք մը հարցեր:

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Կը Դրուատէ Մուսուլը Ազատագրելու  Գործողութիւնը Եւ Կը Դատապարտէ  Սինայի Դէմ Յարձակումը

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Դատապարտէ Ռաֆահի Սպանդը

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշէ, թէ Կազայի քաղաքացիներուն դէմ շարունակուող ջարդերը, որոնցմէ վերջին Ռաֆահի անցքին մօտ գտնուող պաղեստինցիներուն սպանդն էր, խստիւ դատապարտելի արարք է: «ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի կեդրոնին կից գործուած այդ ջարդը մարտահրաւէր է Միջազգային դատարանին դէմ, որ վերջերս Իսրայէլէն պահանջեց Ռաֆահի մէջ զինուորական իր գործողութիւնները կասեցնել», կը նշէ հաղորդագրութիւնը: Նախարարութիւնը հաստատեց, որ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 11.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 11.000 լ. ոսկիով, պիւթակազինը` 20.000 լ. ոսկիով, իսկ մազութին սակը փոփոխութիւն չէ կրած: Հետեւաբար վառելանիւթի նոր սակերն են. 95...

Մամլոյ Արձակուրդ

Մամլոյ Արձակուրդ

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 106-ամեակին առիթով «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ չորեքշաբթի, 29 մայիս 2024-ին: Մեր յաջորդ թիւը` հինգշաբթի, 30 մայիս 2024-ին:    

Հարաւային Լիբանանի Ազատագրումին  24-Ամեակին Առիթով.   Պըրրի Կը Հաստատէ Թիւ 1701 Բանաձեւի  Գործադրութեան Լիբանանի Յանձնառութիւնը

Հարաւային Լիբանանի Ազատագրումին 24-Ամեակին Առիթով. Պըրրի Կը Հաստատէ Թիւ 1701 Բանաձեւի Գործադրութեան Լիբանանի Յանձնառութիւնը

Հարաւային Լիբանանի ազատագրումին 24-ամեակին եւ Դիմադրութեան տօնին առիթով, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ լիբանանցիներուն ուղղեց ուղերձ մը, որուն մէջ հաստատեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան` հաստատելով, որ ազատագրումը ամէն իմաստով ազգային տօն է, որովհետեւ անիկա հայրենիքին ու   գերիշխանութեան` հողին ու մարդուն ազատագրումն է թշնամիին լուծէն: Խորհրդարանի նախագահը հաստատեց ինքզինք պաշտպանելու Լիբանանի իրաւունքը` շեշտելով,...

Թրիփոլիի Մէջ.   Միքաթի Կոչ Կ՛ուղղէ Վերջ Տալու Նախագահական  Ընտրութեան Հոլովոյթը Խոչընդոտող Քայլերուն

Թրիփոլիի Մէջ. Միքաթի Կոչ Կ՛ուղղէ Վերջ Տալու Նախագահական Ընտրութեան Հոլովոյթը Խոչընդոտող Քայլերուն

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երեքշաբթի, 28 մայիս 2024-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, վարչապետարանին մէջ պիտի նախագահէ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին շարք մը հարցեր: Միւս կողմէ, Միքաթի երէկ նախագահեց «Թրիփոլին` արաբական մշակութային մայրաքաղաք» յայտարարելու պաշտօնական ձեռնարկին, որուն ընթացքին ան շեշտեց ազգային համերաշխութեան եւ միասնականութեան քաղաք ըլլալու Թրիփոլիի իրականութիւնը` աւելցնելով, որ իրեն համար հպարտութիւն կը ներշնչէ Թրիփոլին արաբական մշակութային...

Page 202 of 986 1 … 201 202 203 … 986

Արխիւներ